Դրամի արժեզրկումը կը յառաջացնէ բարձր գնաճի մտավախութիւն

By Asbarez | Tuesday, 02 December 2014

 

 


ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնիա Նաու».– Արդէն երրորդ շաբաթն ըլլալով կը շարունակուի Նոյեմբերի կէսէն արդէն իսկ աժան դառնալու սկսած հայկական ազգային արժոյթի՝ դրամի արժեզրկումը համաշխարհային մեծ թղթոսկիներուն դիմաց:

Կայունութեան տեւական ժամանակաշրջանէ ետք՝ շուրջ 410 դրամ մէկ տոլարի դիմաց, դրամը սկսաւ արժեզրկուելու նախորդ ամիս՝ 1 Դեկտեմբերին միջին փոխարժէքը հասնելով տոլարի դիմաց մօտ 435,26 դրամի՝ 1,57 դրամով պակաս շաբաթավերջի փոխարժէքէն (ըստ Հայաստանի Կեդրոնական դրամատան):
Ներկայիս Երեւանի բազմաթիւ դրամատուներու մասնաճիւղերուն եւ լումայափոխներուն մօտ ամերիկեան արտարժոյթի գնման գինը 440-445 դրամ է, վաճառքինը՝ 457-462 դրամ (եուրոյի փոխարժէքը՝ համապատասխանաբար 548-555 եւ 563-569):

24 Նոյեմբերին, երբ հայկական արժոյթի առաջին զգալի արժեզրկումը ակնյայտ դարձաւ, Հայաստանի Կեդրոնական դրամատունը յայտարարեց, որ փոխարժէքի «ճշգրտումը» պայմանաւորուած է տարածաշրջանին եւ միջազգային ֆինանսական շուկաներուն մէջ տեղի ունեցած վերջին զարգացումներով՝ ըստ երեւոյթին, նաեւ նկատի ունենալով ռուսական ռուբլիի կտրուկ անկումը համաշխարհային արտարժոյթներուն նկատմամբ:

Տնտեսագէտները կ՛ըսեն, որ ուքրանական ճգնաժամին պատճառով Ռուսիոյ վրայ դրուած արեւմտեան պատժամիջոցները՝ զուգակցուած քարիւղի գիներու նուազումին հետ, ժխտական ազդեցութիւն կ՛ունենան քարիւղի մեծ արտածող Ռուսիոյ տնտեսութեան վրայ: Ասիկա իր կարգին կ՛ազդէ նաեւ Հայաստանի վրայ, որ տնտեսական սերտ կապեր ունի Ռուսիոյ հետ: Մասնաւորապէս, իրավիճակով պայմանաւորուած՝ մասամբ կը նուազի նաեւ աշխատանքի նպատակով Ռուսիա գտնուող հայաստանցիներուն իրենց ընտանիքներուն ուղարկած դրամական փոխանցումները:

Կեդրոնական դրամատունը նախորդ շաբաթ վստահեցուցած է, որ իր տնօրինութեան տակ բաւարար պահեստներ կան Հայաստանի մէջ ֆինանսական կայունութիւնը պահպանելու համար՝ միաժամանակ նշելով, որ թոյլ դրամը, ըստ էութեան, կը նպաստէ «արտահանման մրցունակութեան բարձրացմանը, տնտեսական աճին, կայուն աշխատատեղերի ստեղծմանը»:

Դրամի արժեզրկումը կը նշանակէ, որ Հայաստանի մէջ արտադրուող ապրանքներուն արժէքը տոլարային արժեւորումով պիտի նուազի՝ տեղական արտադրանքը աւելի մրցունակ դարձնելով ինչպէս ներքին, այնպէս ալ արտաքին շուկային մէջ: Բայց տնտեսագէտները նաեւ կը նշեն, որ գնաճային վտանգները կապուած են այն երեւոյթին հետ, որ Հայաստանը հիմնականին մէջ ներածող երկիր է, եւ ազգային արժոյթի տկարացման ու արժեզրկման պայմաններու մէջ, համապատասխանաբար, պիտի աւելնան ներածուող ապրանքներուն գիները։

 


comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement