Պերեզովսքի. Հայկական Ֆութպոլը Նոր Կը Սկսի Վերելքի Իր Ճանապարհը

By Asbarez | Thursday, 13 October 2011

ԵՐԵՒԱՆ, «Նովոսթի-Արմէնիա».- Հայաստանի հաւաքականի եւ Պոթմոսկովիէի «Խիմկի» ֆութպոլային ակումբի դարպասապահ Ռոման Պերեզովսքի կը կարծէ, թէ հայկական ֆութպոլը նոր կը սկսի վերելքի իր ճանապարհը:

«Այնպէս կը թուի, որ Միութեան փլուզումը հանրապետութիւններուն համար յօգուտ ֆութպոլի ծառայեց: Ճիշդ է որ ստիպուած էինք քսան տարի սպասել աճին: Հանրապետութիւններուն մէջ կը ստեղծուին դպրոցներ, կը կիրառուին լաւագոյն մեթոտներ: Հայաստանը նոր կը սկսի վերելքի իր ճանապարհը», sovsport.ru-ին տուած հարցազրոյցին ընթացքին ըսած է Պերեզովսքի, պատասխանելով յետխորհրդային երկիրներու մէջ ֆութպոլի աճին վերաբերեալ հարցումին:

Իրլանտացիներու պարտութենէն ետք, հայկական հաւաքականը 17 միաւորով գրաւած է երկրորդ ընտրական խումբի երրորդ տեղը: Ատիկա լաւագոյն արդիւնքն է հայկական ֆութպոլի ժամանակակից պատմութեան մէջ:

comments