Նախագահը կոչ ուղղած է աւելցնելու ջանքերը՝ տնտեսութեան վրայ արտաքին բացասական ազդեցութիւնը նուազեցնելու համար

By Asbarez | Friday, 05 December 2014

ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան անդրադարծած է Հայաստանի մէջ դրամի արժեզրկման զուգորդուող տնտեսական մտահոգութիւններուն եւ յայտարարած է, որ Հայաստան չի կրնար հոսանքին հակառակ ուղղութեամբ ընթանալ:


«Ազատութեան» լրագրող Սարգիս Յարութիւնեան գրած է, որ նախագահ Սերժ Սարգսեան 5 Դեկտեմբերին կոչ ուղղած է կառավարութեան ու Կեդրոնական դրամատան՝ տնտեսութեան վրայ արտաքին բացասական ազդեցութիւնը նուազեցնելու եւ ճշդումները սահուն կերպով կատարելու համար ջանքերը աւելցնելու:
Նշելով, որ Հայաստանի առեւտրական մեծ գործընկեր Ռուսիոյ մէջ տնտեսական իրավիճակը վատթարացած է, տարուան սկիզբէն ի վեր կատարուող տոլարին դիմաց ռուբլիի արժեզրկումը արդէն հասած է աւելի քան 40 տոկոս նահանջի, իսկ Եւրոմիութեան մէջ նախորդ երկու տարիներուն արձանագրուած անկումէն ետք «այս տարի էական վերականգնում չի ակնկալւում»՝ նախագահ Սարգսեան յայտարարած է, որ Հայաստան չի կրնար հոսանքին հակառակ ուղղութեամբ ընթանալ:
«Այն, ինչ տեղի է ունենում գլոբալ տնտեսութիւնում, իր արձագանգը պէտք է գտնի նաեւ մեր երկրում եւ մեր տնտեսական ցուցանիշներում: Այնուամենայնիւ Հայաստանի կառավարութիւնն ու Կենտրոնական բանկը (ԿԲ) պէտք է աւելացնեն ջանքերը՝ արտաքին աշխարհից ներթափանցող բացասական ազդեցութիւնները մեր տնտեսութեան վրայ մեղմելու եւ անհրաժեշտ ճշգրտումները սահուն իրականացնելու համար», յայտնած է նախագահը:

Հայաստանի նախագահին խօսքով՝ ներկայ համաշխարհային տնտեսութեան մէջ առկայ անորոշութիւններու լոյսին տակ Հայաստանի համար կարեւորագոյն մարտահրաւէրը կը մնայ երկարաժամկէտ կայուն տնտեսական աճի համար հիմքերու ստեղծումը:

«Գործազրկութեան եւ աղքատութեան հետագայ կրճատման տեմպերն արագացնելու միակ ու բացառիկ միջոցը տնտեսական աճի տեմպի արագացումն է կայուն գնաճի պայմաններում: Այս առումով Հայաստանի տնտեսութիւնում առաջնահերթ է նոր ներդրումների ներգրաւումը եւ դրա միջոցով արտադրական ներուժի մեծացումը: Սակայն գաղտնիք չէ, որ ներդրումները հոսում են այնտեղ, որտեղ տնտեսապէս շահաւէտ է, ներդրումային միջավայրը բարենպաստ եւ ներդրումները վտանգուած չեն: Տնտեսապէս շահաւէտութեան տեսանկիւնից ներկայումս մեր երկիրն ունի օբյեկտիւ սահմանափակուածութիւն, եւ դա հիմնականում մեր տնտեսութեան փոքր ծաւալներն են, սակայն վստահ եմ, որ ԵՏՄ անդամակցութեամբ այս խնդիրը լուծելի է դառնում, քանի որ Հայաստանը դառնալու է ԵՏՄ տնտեսական տարածքի մաս, եւ դրա հաշուին մեծանալու է ներդրողների շարժառիթները մեր երկրում ներդրումներ կատարելու», ըսած է Հայաստանի նախագահը:

Սերժ Սարգսեան իր խօսքին մէջ նաեւ նշած է. «Անվտանգութեան տեսանկիւնից Հայաստանի ներկայիս տնտեսական համակարգն առաւելագոյնս երաշխաւորում է կատարուած ներդրումների յուսալիութիւնը»՝ դիտել տալով, որ այս պարագային կարեւոր է նաեւ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան պահպանումը։ «Դրաամրապնդման համար մենք մեր ջանքերը ներդրել եւ ներդնելու ենք բոլոր ուղղութիւններով, այդ թւում նաեւ պաշտպանական նպատակներով համապատասխան ծախսերի մակարդակի ապահովմամբ», յայտնած է Սերժ Սարգսեան՝ տեղեկացնելով, որ 2014 թուականին Հայաստանի պաշտպանական ոլորտի ծախսերը պիտի կազմեն մօտաւորապէս 200 միլիառ դրամ:

comments