By Asbarez | Friday, 05 December 2014
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– 5 Դեկտեմբերին խորհրդարանական ճեպազրոյցներու ընթացքին Հայ Ազգային Կոնգրես եւ «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութիւններու ներկայացուցիչները յայտարարեցին, թէ անդամակցելով Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵՏՄ)՝ Հայաստանը չի կորսնցներ ինքնիշխանութիւնը:
Հակադարձելով այն պնդումներուն, թէ Ազգային ժողովի 4 Դեկտեմբերի նիստին ԵՏՄին միանալու համաձայնագիրին թեր քուէարկողները դաւաճան են, ՀԱԿ խմբակցութեան ղեկավար Լեւոն Զուրաբեան ըսաւ. «Ես համարում եմ, որ այն մարդիկ, ովքեր իսկապէս մտածում են, որ անկախութեան կորուստ կայ, եւ դրա մասին խօսում են, իրենք են իսկական դաւաճանները՝ եթէ չեն եկել Ազգային ժողովի չափարները ջարդելու: Ես, եթէ հաւատայի, որ անկախութեան կորուստ կայ, ես գալու էի ջարդէի, Ազգային ժողով մտնէի, աւերէի, չթողնէի, որ նման որոշում կայացուէր: Այն 15 հոգին, որ հաւաքուել էին, նրանք ազնուագոյն մարդիկ են. նրանք հաւատում են եւ եկել են դրա դէմ պայքարելու: Իսկ ով հաւատում է, որ եղել է անկախութեան կորուստ, եւ չի եկել Ազգային ժողովը փշրելու, ջարդելու, այդ մարդիկ դաւաճաններ են»:
ԵՏՄին անդամակցելու համաձայնագիրին վաւերացման թեր քուէարկած «Բարգաւաճ Հայաստան»ը եւս այն կարծիքին է, որ Հայաստան իր ինքնիշխանութիւնը պիտի չկորսնցնէ: Խմբակցութեան անդամ Ստեփան Մարգարեանի խօսքով՝ «ցանկացած կառոյցի ինտեգրուելիս քո իրաւասութիւնների ինչ-որ մասը զիջում ես»: Իսկ եթէ շատ զիջած են, ըստ անոր, մեղաւորը տուեալ երկիրն է եւ ոչ թէ ԵՏՄն ու անոր անդամակցող պետութիւնները:
Հարկ է նշել, որ, թէեւ «Բարգաւաճ Հայաստան»ը թեր քուէարկեց պայմանագիրի վաւերացման, բայց եւ այնպէս խմբակցութեան բազմաթիւ անդամներ չմասնակցեցան քուէարկութեան. օրինակ՝ արտաքին գործոց նախկին նախարար Վարդան Օսկանեանն ու խորհրդարանի «Եւրաինտեգրման յանձնաժողով»ի նախագահ Նայիրա Զոհրաբեանը ընդհանրապէս ներկայ չէին: Իսկ քննարկումներուն ներկայ էին կարգ մը պատգամաւորներ, որոնց կարգին Վահէ Յովհաննիսեան, Էլինար Վարդանեան եւ Վահէ Էնֆիաջեան չմասնակցեցան քուէարկութեան:
Պատասխանելով «Ազատութեան» այն հարցումին, թէ արդեօք այս պատկերի արտացոլացո՞ւմը կը հանդիսանայ ԵՏՄին անդամակցելու առնչութեամբ կուսակցութեան մէջ առկայ տարակարծութիւններուն՝ պատգամաւոր Ստեփան Մարգարեան չժխտեց, որ սկզբնական շրջանին այս առնչութեամբ տարակարծութիւններ կային։ «Ո՛չ մենք համարում ենք շատ լաւը, ո՛չ էլ համարում ենք շատ վտանգաւոր սա: Սա պրագմատիզմի դրսեւորում է եղել: Մենք իրար համոզել ենք եւ որոշումը գրեթէ կոնսեսուսով ենք ընդունել», նշեց ան։
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ