By Asbarez | Friday, 05 December 2014
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան անդամները նախօրօք գիտէին, որ խմբակցութեան պատգամաւոր Աղուան Վարդանեան անհատական մօտեցում ունի Եւրասիական տնտեսական միութեան Հայաստանի անդամակցութեան առնչութեամբ: Այս մասին խորհրդարանական ճեպազրոյցներուն ընթացքին ըսած է Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան՝ պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչո՞ւ Աղուան Վարդանեան ձեռնպահ քուէարկած է ԵՏՄին Հայաստանի անդամակցութեան համաձայնագիրին, երբ խմբակցութիւնը թեր քուէարկելու որոշում տուած է: «Մենք նախապէս գիտէինք, որ Աղուան Վարդանեանը անհատական խնդիր ունէր, մենք ըմբռնումով մօտեցանք: Որեւէ խնդիր չկայ, մենք ներկայացրել ենք այդ հարցի հետ կապուած Դաշնակցութեան միասնական տեսակէտը: Մենք կողմ էինք այդ պայմանագրին: Սակայն Աղուան Վարդանեանի ձեռնպահ քուէարկելու փաստը պէտք չէ վերածել մեծ խնդրի: Նա մտաւորական մարդ է, եւ ունէր իր մօտեցումները», յայտնած է Արմէն Ռուստամեան։
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ