By Asbarez | Friday, 05 December 2014
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Ժառանգութիւն կուսակցութիւնը պիտի շարունակէ համագործակցութիւնը եռեակի կազմին մէջ։ 5 Դեկտեմբերին Ազատութեան հրապարակին վրայ այս յայտարարութիւնը կատարած է կուսակցութեան առաջնորդ Րաֆֆի Յովհաննէսեանը՝ «Ժառանգութեան» հրաւիրած քաղաքացիական ժողովէն ետք զրուցելով լրագրողներուն հետ։
«Իմ բառապաշարում եռեակ, քառեակ, հնգեակ, եօթնեակ մօտեցում չկայ, աննախադէպ կառուցողական, խորհրդարանական համագործակցութիւն կայ, որը հրաշալի է մեր խորհրդարանական մշակոյթի համար», ըսած է ան։
Րաֆֆի Յովհաննէսեանի համաձայն՝ եռեակի օրակարգը ճշդելու խնդիր կայ, անիկա պէտք է յստակացնէ, թէ ինչ պիտի առաջարկէ՝ «այսօր, վաղը եւ Նոր տարուց յետոյ»:
«Մենք մօտեցել ենք կարեւոր խաչմերուկին, երբ քաղաքական ներկայացուցիչները պէտք է ճշտորոշեն իրենց դիրքորոշումները, օրակարգը եւ ժողովրդին ասեն՝ վաղը ինչ են անելու միասին: Ես միշտ ասել եմ, որ անհրաժեշտ է հոկտեմբերեան հանդիպումից յետոյ տեղեկատուական հանդիպումներ անել ժողովրդի հետ: Այդ համաձայնութիւնը չստացուեց մեր գործընկերների հետ, ուստի մենք որոշեցինք 3 քաղաքներում հանդիպել ժողովրդի հետ եւ մեզ հետ նաեւ այն պատգամաւորները, որոնք կը ցանկանային», ըսած է Րաֆֆի Յովհաննէսեան:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ