Գիւմրիի մէջ նշուեցաւ 1988ի աւերիչ երկրաշարժին 26ամեակը

By Asbarez | Monday, 08 December 2014

 

ԳԻՒՄՐԻ.- Կիրակի, 7 Դեկտեմբերին, Գիւմրիի մէջ յարգուեցաւ 1988 թուականի աւերիչ երկրաշարժի անմեղ զոհերուն յիշատակը: Առաւօտեան հոգեհանգստեան պատարագ մատուցուեցաւ Շիրակի թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ: Օրուան ընթացքին մարդաշատ էին ինչպէս Գիւմրիի մէջ գործող եկեղեցիները, նոյնպէս ալ գերեզմանատուները: Մարդիկ երկրաշարժէն 26 տարի ետք դարձեալ կ՛այցելեն աղէտին զոհ գացած իրենց հարազատներուն շիրիմները՝ սգալու անոնց կորուստը:
Շիրակի թեմի առաջնորդ Միքայէլ եպս. Աջապահեանի ձեռամբ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն:


Սպիտակի երկրաշարժի 26ամեակին առիթով քաղաք այցելած հիւրերը՝ քաղաքական, դիւանագիտական կառոյցներու ներկայացուցիչները, Ազգային ժողովի պատգամաւորները, մարզային եւ քաղաքային իշխանութիւններու ներկայացուցիչները անմեղ զոհերուն յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանին մօտ ծաղիկներ զետեղեցին եւ ժամը 11:41ին մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին անոնց յիշատակը:

 


comments