ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մեդիա», «Նիուզ».– Երեւանի Պատանի հանդիսատեսի թատրոնին մէջ հայ սկաուտները ուրախութեամբ եւ հպարտութեամբ նշած են ՀՄԸՄի Հայաստանի մէջ վերահիմնադրութեան եւ Երեւանի մասնաճիւղի գործունէութեան 25ամեակը: 25 տարի առաջ Հայաստանի մէջ վերահիմնադրուած ՀՄԸՄի գործունէութեան նպատակը եղած է որակեալ սերունդ դաստիարակելը: Հանդիսութեան ներկայ եղած է նաեւ Երեւանի քաղաքապետի տեղակալ Արամ Սուքիասեանը։
«Մենք հաւատում ենք, որ սկաուտութիւնը 21րդ դարի երիտասարդութեան, ինչպէս նաեւ հասարակութեան ղեկավար է պատրաստում: Սկաուտութեան մէջ մտնելով՝ երիտասարդը պատրաստւում է վաղուայ իր քաղաքացիական կոչմանը՝ որպէս պարտաճանաչ, որպէս կարգապահ քաղաքացի, ինչպես նաեւ դաստիարակութեանը՝ բնութեան գրկում», ըսած է ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամ, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի հիմնադիր-անդամ, Համաշխարհային սկաուտական շարժման Բիւրոյի անդամ Բագրատ Եսայեանը։
ՀՄԸՄ Երեւանի վարչութեան ատենապետ Վիգէն Յովհաննիսեան խօսած է այն մասին, որ ՀՄԸՄը՝ համագործակցելով տարբեր կառոյցներու հետ, հիմնադրման օրէն ի վեր ու յատկապէս վերջին տարիներուն աշխուժօրէն կը մասնակցի բազմաբնոյթ հասարակական գործունէութեանց:
«Ազգային զարթօնքի օրերին՝ 25 տարի առաջ մի խումբ սփիւռքահայ եւ տեղացի ուսանողներ, կարեւորելով սերնդի հայեցի դաստիարակութիւնը, հայրենիքում վերահիմնադրեցին 70 տարի Հայաստանից տարագրուած Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւնը: Վերահիմնադրումն սկիզբ առաւ հէնց համայն հայութեան մայրաքաղաք Երեւանում: Երեւանի մասնաճիւղը համագործակցում է տարբեր կառոյցների հետ, աշխուժօրէն մասնակցում բազմաբնոյթ հասարակական միջոցառումների եւ պատրաստ է մաս կազմել իւրաքանչիւր հայրենանուէր նախաձեռնութեան: Այս համատեքստում խորին երախտագիտութիւն ենք յայտնում Երեւանի քաղաքապետարանին, անձամբ Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանին՝ մեր ծրագրերը կեանքի կոչելու գործին սատարելու համար: ՀՄԸՄ Երեւանի վարչութիւնը խորհրդանշական անուանական յուշանուէրով է յայտնում իր երախտագիտութիւնը Տարօն Մարգարեանին այդ նշանակալի աւանդի համար», նշած է Վիգէն Յովհաննիսեան եւ յուշանուէր յանձնած Երեւանի քաղաքապետի տեղակալ Արամ Սուքիասեանին:
«Այսպիսի արմատներ ունեցող կազմակերպութեան հետ մեր համագործակցութիւնը արդիւնաւէտ է եւ պատուաբեր: Շնորհաւորում եմ յոբելեանական այս առիթով եւ մեր գոհունակութիւնն եմ յայտնում հայանպաստ ակտիւ գործունէութեան համար՝ խոստանալով, որ կը շարունակենք աւելի արդիւնաւէտ համագործակցութեամբ», նշած է Արամ Սուքիասեան:
Հայկական առաջին սկաուտական խումբերը կազմուած են 1908 թուականին: Երկար տարիներ գործելով սփիւռքահայ գաղութներու մէջ, միութիւնը նաեւ հայապահպանման գաղափարի տարածողը եղած է: «Սկաուտութիւնը հիմնադրումից սկսած՝ ունեցել է մեծ դեր Սփիւռքում, այն պահել է բոլոր սերունդներին, դաստիարակել է հայապահպանման, հայրենասիրական ոգով», դիտել տուած է ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի Երեւան մասնաճիւղի փոխատենապետ Պերճ Թուֆենկճեանը։
Յատկանշական եղած է այն, որ հանդիսութեան ընթացքին տասնեակ սկաուտներ երդում տուած են հաւատարիմ մնալու Աստուծոյ եւ ծառայելու հայրենիքին, միշտ օգնելու ուրիշներուն եւ գործելու իբրեւ պարտականութեան գիտակից, արի եւ վեհանձն մարդ, հնազանդելու հայ սկաուտական դաւանանքին: