Հազարաւոր կեանքերու փրկարար սրտաբան Հրայր Յովակիմեան պարգեւատրուեցաւ

By Asbarez | Monday, 15 December 2014

 

ԵՐԵՒԱՆ.- «Մարդու սիրտը գերելը հեշտ է, շատեր կը յաջողին, իսկ ահա սիրտը փրկելը՝ միայն բացառիկներուն վերապահուած է: Բացառիկներէն է նաեւ սրտի վիրաբոյժ Հրայր Յովակիմեանը, որ 20 տարի առաջ եկաւ Հայաստան ու իր խումբին շնորհիւ աւելի քան 20 հազար մարդու կեանք փրկեց եւ կը շարունակէ փրկել: Ալպերթ Սթարի Ակադեմական Կեդրոնի առաջատար սիրտի վիրաբոյժ Հրայր Յովակիմեան ԱՄՆի մէջ ձգեց ամէն ինչ ու եկաւ Հայաստան՝ իր օգնող ձեռքը մեկնելու հայ ժողովուրդին, Հայաստանի մէջ սրտի վիրահատութեան ծառայութիւն ստեղծելու: Այսօր Հայաստան ունի այդ ծառայութիւնը. ուղիղ 20 տարի առաջ ստեղծուեցաւ «Նորք Մարաշ» բժշկական կեդրոնը», կեդրոնի 20ամեակին նուիրուած տօնական ձեռնարկի ժամանակ ներկայացնելով անուանի բժիշկին՝ այս գնահատականները հնչեցուց հաղորդավարը:


Կեդրոնին մէջ կը կատարուին սիրտի տարբեր վիրահատութիւններ (բացառութեամբ սիրտի փոխպատուաստում ): Վիրահատութիւնները կը կատարուին անկախ հիւանդի տարիքէն եւ կշիռքէն: Կեդրոնը յագեցած է անհրաժեշտ եւ ժամանակակից սարքաւորումներով, նախատեսուած լիարժէք ախտորոշման եւ վիրաբուժական բուժման համար: Առաջին վիրահատութիւնը տեղի ունեցած է 1994 թուականի Յունիսին:

«Ցնծութիւն էր մեզի համար», կը յիշէ կեդրոնի տնօրէն Լիտիա Մուրատեան: Վիրահատուողը եղած է երեխայ:

Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի մէջ կեդրոնի 20ամեակին նուիրուած տօնական ձեռնարկ կազմակերպուած էր: Ձեռնարկի սկիզբը ցուցադրուեցաւ կեդրոնի 20ամեայ գործունէութեան մասին պատմող շարժապատկեր, այնուհետեւ Լիտիա Մուրատեան իր խօսքին մէջ ներկայացուց կեդրոնի ստեղծման պատմութիւնը:
«Մեր վիրաբոյժները կը պատրաստուին այստեղ, պարբերաբար կը վերապատրաստուին Եւրոպայի եւ ԱՄՆ յայտնի հիւանդանոցներուն մէջ: Մեր կեդրոնը իր կառուցուածքով, չափորոշիչներով չի զիջիր եւրոպական հիւնդանոցներուն, մեր վիրաբոյժները իրենց մասնագիտական կարողութիւններով չեն զիջիր եւրոպացի ու ամերիկացի մասնագէտներուն», ըսած է կեդրոնի տնօրէնը:

Ան վստահեցուցած է, որ կեդրոնը ինչպէս առաջ, հիմա, այնպէս ալ յետագային պիտի շարունակէ իր գործունէութիւնը ի շահ հիւանդին, ի շահ ժողովուրդին, պիտի նպաստէ առղջապահութեան համապատասխան ծրագիրերու ապագայ իրականացման:

Այսօր բազմաթիւ մարդոց կեանքը փրկած Հրայր Յովակիմեան ստացաւ իր արժանի պարգեւը՝ անձամբ Հանրապետութեան նախագահի ձեռքէն, որ ներկայ էր տօնական ձեռնարկին: Առողջապահաթեան բնագաւառին մէջ մատուցած նշանակալի ծառայութիւններուն, ներդրած անձնական մեծ աւանդին, մասնագիտական բարձր հմտութիւններու համար սրտային վիրաբոյժ Յակոբ Յովակիմեան պարգեւատրուեցաւ «Հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններուն համար» երկրորդ աստիճանի մետալով:

Պարգեւներու արժանցան կեդրոնի այլ մասնագէտներ եւս:

Նշենք, թէ հայ անուանի բժիշկ, սրտային վիրաբոյժ Հրայր Յովակիմեան ծնած է 13 Մայիս, 1953ին, Հալէպ, Սուրիա: 1977ին աւարտած է Հալէպի Համալսարանի բժշկական ամպիոնը:

1977-1984 թուականներուն վերապատրաստուած է Նիւ Եորքի Պեքմընի համալսարանին մէջ:

1993ին «Նորք-Մարաշ» բժշկական կեդրոնի մէջ հիմնադրած է մանկական սրտավիրաբուժութեան բաժին:

 


comments