Քաշաթաղի Աղաւնօ գիւղին մէջ բնակարանաշինութիւնը թափ կը ստանայ

By Asbarez | Tuesday, 16 December 2014

 

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ղարաբաղ Լայֆ».- 2013 թուականէն ի վեր Քաշաթաղի շրջանի Աղաւնօ համայնքին մէջ մեծ թափով սկսած են բնակարանաշինութեան աշխատանքներ: Առաջին հանգրուանին արդէն 50 առանձնատուն կառուցուած է. «Նախատեսւում է նորակառոյց առանձնատների թիւը հասցնել 150ի», «Ղարաբաղ Լայֆ»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է Քաշաթաղ շրջանի վարչակազմի ղեկավարի տեղակալ Արտիւշա Մխիթարեան:


Նորակառոյց տուները ունին կենցաղային բոլոր յարմարութիւնները՝ տնամերձ հողամասով:

Արտիւշա Մխթարեան յայտնած է, որ նորակառոյցներուն հասցէատէրերը տակաւին յստակ չեն. «Դեռ որոշուած չէ, թէ բնակարաններն ինչ խմբերի ենք յատկացնելու: Հնարաւոր է նոր վերաբնակիչների կամ, գուցէ, մատչելի պայմաններով՝ հիպոթեքային վարկերով, տրամադրենք ցանկացողներին», յայտնած է Ա. Մխիթարեան:

Շինարարական աշխատանք կայ նաեւ Քաշաթաղի հարաւային թեւին մէջ: «Շահում ես դու, շահում է երկիրը» վիճակախաղէն գոյացած հասոյթով Իշխանաձորի մէջ կը կառուցուի 8 յարկաբաժինէ բաղկացած երկյարկանի շէնք եւ 10 առանձնատուն, որոնք օգտագործման պիտի յանձնուին մինչեւ տարեվերջ:

Ընթացքի մէջ է նաեւ սուրիահայերուն համար նախատեսուած 10 բնակարանէ բաղկացած երկյարկանի շէնքի շինարարութիւնը, որ կը կատարուի «Քաշաթաղ» բարեսիրական հիմնադրամին կողմէ:

Նշենք, որ Աղաւնօ շրջանին մէջ բնակարանաշինութիւնը իրականացւում է Լիբանանի «ԱՌԻ» ծրագիրի ծիրին մէջ՝ Արցախի կառավարութեան հետ գործակցաբար։
Առայժմ Աղաւնօն ունի 208 բնակիչ:

 


comments

Advertisement