Գագիկ Ծառուկեանի նախաձեռնութեամբ խորհրդաժողով պիտի կայանայ

By Asbarez | Tuesday, 23 December 2014

 

 


ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– Հայաստանի մէջ ստեղծուած քաղաքական եւ տնտեսական բարդ իրավիճակը քննարկելու համար Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան (ԲՀԿ) նախագահ Գագիկ Ծառուկեան, անձնական նախաձեռնութեամբ, 20 Յունուարին տարբեր քաղաքական ուժեր, հասարակական կազմակերպութիւններ, քաղաքացիական նախաձեռնութիւններ ու շարժումներ կը հրաւիրէ խորհրդաժողովի մը։

Գագիկ Ծառուկեանի խօսնակ Իւետա Տօնոյեան «Ազատութեան» յայտնած է, որ «Բարգաւաճ Հայաստան»ի առաջնորդը կը փափաքի լսել տարբեր քաղաքական ուժերու կարծիքներ եւ միասին որոշել կատարելիքները, քանի որ առկայ են հարցեր, որոնց քննարկումը շատ կարեւոր է։

«Խորհրդակցական բնոյթի միջոցառում է լինելու, որի նպատակն է վերլուծել, քննարկել արդէն իսկ կատարուած աշխատանքը՝ խօսքը վերաբերում է Համաժողովրդական շարժմանը, գրասենեակների ստեղծմանը, արուած քայլերը, ինչպէս նաեւ քննարկելու յառաջիկայ անելիքները», դիտել տուած է Տօնոյեան:
«Բարգաւաճ Հայաստան»ի խոր-հրդարանական խմբակցութեան պատգամաւոր Միքայէլ Մելքումեան «Ազատութեան» յայտնած է, որ այս հանդիպումէն ետք համաժողովրդական շարժման քայլերը աւելի յստակ պիտի ըլլան։ Մելքումեանի համաձայն՝ այս չի նշանակեր, որ իրենք հանրահաւաքային աշխոյժ պայքարը պիտի չշարունակեն: Հակառակը, նպատակ ունին ցոյց տալ, որ շարժման միացած են նաեւ արտախորհրդարանական ուժեր, իսկ կատարուելիք աշխատանքները աւելի յստակ պիտի ըլլան խորհրդաժողովէն ետք։
«Ժողովուրդը՝ հակառակը, ա-սում է, որ պէտք է արագացնել գործընթացները, բայց մենք ի հարկէ ասել ենք, որ մենք գնալու ենք ծանրակշիռ եւ ոչ ռիսկային, կշռադատուած քայլերով եւ որպէսզի դա լինի, ժողովուրդը պիտի ձեւակերպի իր մասնակցութեան ձեւաչափը: Տեղեկացուած լինել դա բաւական չէ: Յունուարի 20ից յետոյ նոր կը հետեւեն շատ կենկրետ քայլեր», դիտել տուած է Մելքումեան:
Ոչ իշխանական ուժերէն Ժառանգութիւն կուսակցութիւնը ողջունած է Գագիկ Ծառուկեանի նախաձեռնութիւնը: Կուսակցութեան փոխնախագահ Արմէն Մարտիրոսեան «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ իրենք բազմիցս խօսած են միասնական օրակարգ ձեւաւորելու անհրաժեշտութեան մասին եւ այս խորհրդաժողովէն կ՛ակնկալեն այդ օրակարգի ձեւաւորումը: Մարտիրոսեան ընդգծած է, որ իրենք բաց քննարկման կողմնակից են, պիտի լսեն բոլորին առաջարկները, պիտի ներկայացնեն նաեւ իրենցը:
«Ամենագլխաւորը մեզ համար կայ եւ մնում է իշխանափոխութիւնը եւ արմատական բարեփոխումները երկրի՝ ամբողջական իշխանափոխութիւն, արտահերթ ընտրութիւններ: Արդիւնքը, երեւի, պէտք է լինի այն, որ մենք արդէն այն միասնականութիւնը, որ «Ժառանգութիւն»ը այս ժամանակահատուածում պահանջել է, միասնական ջանքերով արդէն ժողովրդի պահանջը փորձենք ի կատար ածել՝ նկատի ունեմ իշխանափոխութիւնը եւ արտահերթ ընտրութիւնները», նշած է Մարտիրոսեան:
Հայ Ազգային Կոնգրեսին մէջ Ծառուկեանի նախաձեռնած խորհրդաժողովին մասին տեղեակ են: Կուսակցութեան խօսնակ Արման Մուսինեան «Ի լուր» կայքին պարզաբանած է, որ իրենք նախապէս տեղեակ պահուած են այս նախաձեռնութեան մասին, իսկ ինչ կը վերաբերի ՀԱԿի մասնակցութեան, ապա իրենք «ԲՀԿի հետ համագործակցում եւ խորհրդակցութիւններ են անցկացնում երկկողմ կամ եռեակի ձեւաչափերով»:
Յայտարարութեան մէջ, սակայն, յստակ չէ նշուած, եթէ ՀԱԿը կ՛ընդունի՞ այս հաւաքին մասնակցելու հրաւէրը, թէ ոչ:
«Օրինաց Երկիր»էն «Ազատութեան» փոխանցած են, որ Գագիկ Ծառուկեանի նախաձեռնութեան նկատմամբ յարգանք կը տածեն, սակայն պիտի չմասնակցին անոր։
Դաշնակցութենէն պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեանն ալ դիտել տուած է, որ իրենց մասնակցութեան հարցը տակաւին չէ քննարկուած։

 


comments