By Asbarez | Tuesday, 23 December 2014
ԵՐԵՒԱՆ.– Երեւանի Դաւիթաշէն վարչական շրջանին մէջ այսօր՝ 24 Դեկտեմբերին տեղի պիտի ունենայ «Օգնիր եղբօրդ» բարեսիրական հիմնադրամի կառուցելիք բազմաբնակարան շէնքի հիմնարկէքի արարողութիւնը:
Հիմնադրամի ներկայացուցիչները «Երկիր Մեդիա»ին յայտնած են, որ պատերազմի իբրեւ հետեւանք հայրենիք տեղափոխուած սուրիահայերուն համար բազմաբնակարան շէնքի կառուցման իրաւական հարցերը կարգաւորուած են, կայ ճկուն գնային քաղաքականութիւն:
Դեկտեմբերի առաջին շաբաթուան դրութեամբ բաշխուած էր բնակարաններուն միայն 40 տոկոսը: Կը նախատեսուի, որ 14 յարկանի շէնքը պիտի ունենայ 78 բնակարան: Առաջին յարկին վրայ պիտի ըլլայ նաեւ առեւտրական տարածքներ եւ կառատուն: Բնակարանները շահառուներուն պիտի յանձնուին ներքին բոլոր յարմարութիւններով:
Շինարարներն ու հիմնադրամի անդամները կը խոստանան՝ «եթէ ամէն ինչ բարեյաջող ընթանայ, աշխատանքը կ՛աւարտեն պայմանագրով նախատեսուած ժամկէտում, այսինքն, 24 ամսից»:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ