By Asbarez | Wednesday, 24 December 2014
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արցախփրէս».– Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 24 Դեկտեմբերին գլխաւորած է Անվտանգութեան խորհուրդի նիստը, որուն օրակարգին վրայ եղած են մարտական հերթապահութեան կազմակերպման ու երկրաչափական կառոյցներու կատարելագործման նախաձեռնութիւնները եւ 2014 թուականին կազմակերպուած հեռուստամարաթոնին ընթացքին, արդիւնքներուն ու իրականացուելիք քայլերուն առնչուող հարցեր:
Լեռնային Ղարաբաղի նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան համաձայն՝ առաջին հարցին առնչութեամբ զեկոյցով հանդէս եկած է պաշտպանութեան նախարար Մովսէս Յակոբեան: Նախագահը համապատասխան յանձնարարականներ տուած է պաշտպանութեան նախարարութեան ու կառավարութեան՝ բանակաշինութեան ոլորտին մէջ նախատեսուած ծրագիրներու պատշաճ իրականացման ուղղութեամբ՝ ընդգծելով, որ զինուած ուժերու մարտական պատրաստականութեան բարձր մակարդակի ապահովումը եղած է ու կը մնայ պետութեան կարեւորագոյն առաջադրանքներէն մէկը:
Անդրադառնալով օրակարգի երկրորդ հարցին՝ երկրի ղեկավարը կառավարութեան եւ համապատասխան գերատեսչութիւններուն յանձնարարած է Վարդենիս-Մարտակերտ մայրուղիի շինարարութեան ընթացքին ապահովել նախատեսուած ֆինանսական միջոցներու նպատակային օգտագործումը, համապատասխան մարմիններուն հետ սերտ համագործակցութիւնը, ինչպէս նաեւ իրականացուող աշխատանքներուն մասին յստակ եւ ամբողջական լուսաբանութիւն տալ բոլոր լրատուամիջոցներուն։
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ