By Asbarez | Wednesday, 31 December 2014

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Ամէն անգամ, որ խնդրանք մը, պատուէր մը կամ իրականանալի աշխատանք մը ունէր յանձնարարելիք ընկ. Վահանը, դիմելով տուեալ ընկերոջ, իրեն յատուկ հիւմուրով, պատուէրը անպայման կատարելու գրաւչութիւն պարուրելով կըսէր. «Հայրենքը ձեզ չի մոռանայ»: Առանց հրահանգչական ոճի, առանց բռնութեան, առանց համոզելու յատուկ ճիգի, խնդրանքը, պատուէրը կամ հրահանգը կատարուած էր. եւ կատարուած էր սիրով, գոհ, գոհունակ, հանգիստ, ժպիտով: Ժպիտով ու հիւմուրով փոխանցուած, ժպիտով ու հիւմուրով ընկալուած եւ նոյնքան սիրով կատարուած:
Գուցէ ա՜յս էր ընկ. Վահանի գրաւչութեան գաղտնիքը ամէնէն շատ: Իր մասնագիտութեան, իր պատրաստաբանութեան, հռետորական հմտութեան, շրջապատին մէջ կեդրոն դառնալու բնածին յատկութեան, կուսակցական եւ պետական մտածողութիւններու համատեղման արուեստի տիրապետման վահանեան արժէքներուն առընթեր այս անմիջականութիւնը, բայց մանաւանդ անգերազանցելի հիւմուրը Վահանին անձին վրայ կեդրոնացուցած էին այն մագնիսական ուժը, որ իր շուրջ կը հաւաքէր գաղափարակիցներն ու ոչ գաղափարակիցները, հարազատները, ընկերները, գաղափարական հակառակորդները, բոլո՜րը:
Իր իւրայատկութիւններուն, բացառիկ հմտութիւններուն, առաջնորդի եւ ղեկավարի տաղանդաշատ յատկանիշներուն դեռ երկար անդրադարձ կը կատարուի: Ամենաթէժ քննարկումներու ընթացքին անգամ, երբ ընկ. Վահանը յայտնուէր ամպիոնի ետին, հետեւողը գիտէր, որ սուր ակնարկներով, դիպուկ քննադատութիւններով, երգիծական երանգով ըսուածը տեղ կը հասնէր, եւ ենթական անպայման հաշուի կը նստէր կատարուած դիտողութեան հետ: Եւ փաստ է, որ որ ոչ ոք՝ ամենաբարձր պաշտօնեայէն մինչեւ խորհրդարանի ոեւէ անդամ ընկ. Վահանի հետ չէր գործածած այն լեզուն, որ այլապէս գործածած էր: Համատարած, ընդհանուր ընկալում կար Վահան Յովհաննիսեանի նկատմամբ: Եւ այս մէկը մեծ առաւել էր ոչ միայն անձին, այլ ընդհանրապէս իր կուսակցութեան:
Ընկ. Վահանը իրաւունքը ունէր հայրենիքի անունով չմոռնալու խոստումներ փոխանցելու: Ինքը համակ հայրենիքն էր իր հոգեկերտուածքով, նկարագիրով, մտածողութեամբ եւ նուիրումով: Հայրենիքը, գուցէ մեզմէ շատերիս մոռանայ, եւ սա օրինաչափ է ու նորմալ: Սակայն հաստատ չի մոռանայ ընկ. Վահանին:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ