Ըստ Հրանդ Մարգարեանին՝ Սարգսեան Կորսնցուց իր Յենարանները

By Asbarez | Thursday, 01 October 2009

ԵՐԵՒԱՆ, <<Ազատութիւն>>.- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան Չորեքշաբթի օր, <<Ազատութիւն>> ռատիօկայանին տուած հարցազրոյցին ընթացքին, յայտնեց, թէ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը ամբողջութեամբ խարխլած է նախագահ Սերժ Սարգսեանի ունեցած հաւանական յենարանները:

<<Նախագահը յայտնուեց մի տեղում, որտեղ այլեւս ոչ մի յենարան չունի. ո՛չ ազգային ուժեր, ո՛չ դեմոկրատական ուժեր: Այլեւս, իր իշխանութիւնը խախուտ է: Որքանով դա կ՛երկարաձգուի՝ ես չգիտեմ>>, յայտնած է Մարգարեան:

Ըստ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչին, վերջերս նախագահին հետ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին, Սերժ Սարգսեան վստահեցուցած է, թէ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցին շուրջ հասարակական քննարկում տեղի պիտի ունենայ: Մարգարեանի կարծիքով, սակայն, այդպիսի քննարկում գոյութիւն չունի: Աւելին, արհեստականօրէն փորձ կ՛ըլլայ ստեղծելու իշխանութիւններու տեսակէտին համահունչ քարոզչական մթնոլորտ:

<<Այն, ինչ ծրագրուած է, որ տեղի ունենայ, եւ այն ձեւով, որ տեղի է ունենում, շատ վատ հետեւանքներ է ունենալու առաջին հերթին հէնց իշխանութիւնների համար: Իշխանափոխութիւն անպայման տեղի կ՛ունենայ, բայց ե՞րբ տեղի կ՛ունենայ՝ չգիտեմ>>, յայտնած է Մարգարեան:
ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչին փոխանցումով, սակայն, Դաշնակցութեան նպատակը ոչ թէ իշխանափոխութիւն է, այլ՝ Օգոստոս 31ին հրապարակուած հայ-թրքական նախաստորագրուած յարաբերութիւններու կարգաւորման արձանագրութիւններու վաւերացումը ձախողեցնելը:

<<Վստահ եմ, որ ժողովուրդը չի հանդուրժելու>>, յայտնած է Մարգարեան՝ աւելցնելով, որ ժողովուրդին համախմբելու նպատակով, Հոկտեմբեր 9ին ՀՅԴն պիտի կազմակերպէ երթ մը, որ պիտի սկսի Հանրապետութեան հրապարակէն, պիտի ուղղուի դէպի նախագահին նստավայրը, ապա՝ Ծիծեռնակաբերդ: Ծիծեռնակաբերդին շուրջ տեղի պիտի ունենայ մեծ հանրահաւաք մը: Մարգարեանի կարծիքով, նոյնիսկ եթէ նախագահը չլսէ ժողովուրդին ձայնը ու ստորագրէ այդ արձանագրութիւնները, ատիկա չի նշանակեր, որ ամէն ինչ վերջացած է:

<<Ստորագրելով՝ ամէն ինչ չի վերջանում: Ժողովուրդը ոտքի կը կանգնի, իրենք կը պարտաւորուեն մի կողմ քաշուել>>, յայտնած է Մարգարեան:

comments

Advertisement