Վարդանեան ընտանիքը 300 հազար Տոլար նուիրած է Ստեփանակերտի մայր տաճարի կառուցման

By Asbarez | Wednesday, 07 January 2015

 

 

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, <<Արցախփրէս>>.– 2006 թուականին Արցախի մայրաքաղաքին մէջ սկսած է Աստուածամօր Ս. Յովանի տաճարի կառուցումը: Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեանի համաձայն՝ սկզբնական շրջանին նիւթական մեծ գումարներու կարիք ըլլալուն պատճառով եկեղեցւոյ կառուցման ընթացքը դանդաղ էր: Տաճարի շինարարութիւնը շարունակելու համար ժամանակին օգնութեան ձեռք երկարած է գործարար Հրանդ Վարդանեան եւ տրամադրած է 150 հազար տոլար:

<<Վարդանեան աւագի գործը շարունակեցին նաեւ նրա որդիները, ովքեր համաձայնեցին ֆինանսական օժանդակութիւն ցուցաբերել եկեղեցու կառուցմանը եւ տրամադրեցին եւս 150 հազար դոլար>>, <<Նիուզ>>ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է Արցախի թեմի առաջնորդը՝ աւելցնելով, որ եկեղեցւոյ օծումը նախատեսուած է 2016 թուականի աշնան:

 


comments

Advertisement