Գիւմրիի սպանդէն վերապրած երեխան փոխադրուած է Երեւան

By Asbarez | Tuesday, 13 January 2015

 

ԵՐԵՒԱՆ, <<Ազատութիւն>>, <<Նի-ուզ>>.– Բժիշկները շատ ծանր նկատած են Գիւմրիի Աւստրիական մանկական հիւանդանոցէն 13 Յունուարին Երեւան տեղափոխուած, Գիւմրիի սպանդէն վերապրած վեցամսեայ Սերեօժա Աւետիսեանին վիճակը:

Սուրբ Աստուածամայր բժշկական կեդրոնի տնօրէն Նիկոլայ Դալլաքեան, որ տեղափոխման ամբողջ ընթացքին երեխային հետ էր, յայտնած է, որ կատարուած է եւ կը կատարուի ամէն ինչ, որպէսզի կարելի ըլլայ մանուկին կեանքը փրկել։
<<Ազատութեան>> հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ան տեղեկացուցած է. <<Վիճակը ծայրայեղ ծանր եղել է եւ շարունակում է մնալ։ Յաջողուել է ապահովել տեղափոխումը արհեստական շնչառութեան ապարատով Գիւմրիից Երեւան: Հետագայ բուժման ընթացքում Հայաստանի բոլոր ռեզերվները եւ հնարաւորութիւնները օգտագործելու նպատակով երեխան տեղափոխուել է Սուրբ Աստուածամայր բժշկական կենտրոն, որպէսզի կարողանանք շարունակել պայքարը երեխայի կեանքի համար>>:

Անոր համաձայն՝ թէեւ երեխան ներքին վնասուածքներ չունի, բայց ծանր վիճակի մէջ է, քանի որ շատ ուշ բժշկական օգնութիւն ստացած է, ժամեր շարունակ արիւն կորսնցուցած ու մսած է:

Դէպքը, ըստ իրաւապահներուն, տեղի ունեցած է առաւօտեան ժամը 6ի շուրջ, իսկ երեխան հիւանդանոց տեղափոխուած է կէսօրուան մօտ:

Երեւանի մէջ երեխային այցելած է առողջապահութեան նախարար Արմէն Մուրադեանը: <<Յագեցուածութեամբ աւելի բարձր հնարաւորութիւններ ունեցող կենտրոն է տեղափոխուել երեխան, եւ մեր առաջատար մասնագէտների հետ համատեղ կոնսիլիում է հրաւիրուել: Ժամը չորսն անց կէս երկրորդ կոնսիլիումը կը լինի: Ես այդտեղ եմ լինելու: Յոյսով եմ, որ մեր բոլոր նշանակումները եւ մեր կատարած աշխատանքները կը լինեն արդիւնաւէտ>>, ըսած է ան լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին:

Գիւմրիի մէջ քաղաքացիները 13 Յունուարին Մեասնիկեան փողոցի 188 տան դարպասին մօտ ծաղիկներ զետեղած են՝ օր մը առաջ դաժանօրէն սպաննուած Աւետիսեաններու ընտանիքի անդամներու յիշատակին: Շրջանի բնակիչները նաեւ խաղալիքներ եւ մոմեր դրած են հոն։

Տակաւին չէ ճշդուած, թէ հոգեհանգիստն ու յուղարկաւորութիւնը երբ տեղի պիտի ունենան:


comments

Advertisement