Սփիւռքի նախարարը ընդունեց Սուրիոյ Հայ համայնքի ներկայացուցիչները

By Asbarez | Thursday, 15 January 2015

 

ԵՐԵՒԱՆ, <<Հայերն Այսօր>>.– Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան 14 Յունուարին ընդունեց սուրիահայութեան ներկայացուցիչներ Կարօ Եուզպաշեանը, Գրիգոր Տունկեանը եւ բժիշկ Ներսէս Սարգիսեանը:

Քննարկուեցան Սուրիոյ մէջ տիրող իրավիճակը, երեք տարուան ընթացքին տեղի ունեցած զարգացումները եւ այդ բոլորին լոյսին տակ Սուրիոյ հայ համայնքի կորուստները, համայնքի խնդիրներն ու անոնց լուծման առնչուող ծրագիրները, կատարուած նախաձեռնութիւնները:

Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան բարձր գնահատեց հոգեւոր ու աշխարհական այն նուիրեալ առաջնորդներուն, մասնաւորապէս հանդիպման ներկայ հիւրերուն ջանքերը, անոնց կատարած հերոսական աշխատանքը, որուն շնորհիւ ծանր, ողբերգական իրավիճակի մէջ գտնուող հայ համայնքը կը մնայ ինքնակազմակերպուած, համախմբուած եւ կը շարունակէ պատերազմական լարուած իրավիճակին մէջ գոյատեւել, պահպանել համայնքային ենթակառուցուածքները: Նախարարը կարեւոր նկատեց կրթօճախներու կենսագործումը՝ շնորհիւ կրթական գործի կազմակերպիչներու եւ ուսուցիչներու մեծ ու անձնուրաց գործունէութեան:

Սփիւռքի նախարարը ներկայացուց Հայաստանի մէջ հաստատուած սուրիահայերու ընկերային, առողջապահական, կրթական եւ այլ խնդիրներ լուծելու ուղղութեամբ պետութեան կողմէ կատարուած աշխատանքները:

Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան նշեց, որ նախարարութիւնը մեծ հոգատարութեամբ եւ հետեւողականօրէն կը փորձէ օգնել նախարարութեան դիմած ամէն մէկ սուրիահայու։

 


comments