By Asbarez | Thursday, 15 January 2015
ԵՐԵՒԱՆ, <<Թերթ>>.– Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութէան Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ, ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան համաձայն է, որ իշխանութեան բնոյթն ու վարքագիծը կրնան թերահաւատութեան պատճառ դառնալ, թէ ի՛նչ շարժառիթ ունի իշխանութիւնը՝ սահմանադրական բարեփոխումներու նախաձեռնելու եւ հրաժարելու իշխանութեան մենաշնորհէն:
<<Թեր>>չ լրատու կայքին հետ զրոյցին ընթացքին, սակայն, ՀՅԴ պատգամաւորը նշած է, թէ կարելի չէ ըսել, որ իշխանութեան մէջ երկրի ապագային մասին մտածող մարդիկ չկան:
<<Ես չեմ խորհիր, որ իշխանութեան մէջ պէտք է տեսնել միայն թշնամի, վատ կամեցող եւ երկրին կամ ապագային մասին մտածելու անընդունակ մարդիկ: Ես կը կարծեմ, որ իսկապէս այն մասնագիտական յանձնախումբը, որ սահմանադրական բարեփոխումներու հայեցակարգը մշակած է, իսկապէս արհեստավարժ աշխատանք կատարած է, եւ երբ արհեստավարժները կը ներկայացնեն գոյութիւն ունեցող խնդիրները եւ ատկէ դուրս գալու ուղիները, ասիկա կրնայ տարածուիլ նաեւ իշխանութեան ներկայացուցիչներուն վրայ: Բազմաթիւ մարդիկ նաեւ կը մտածեն, կը տեսնեն, թէ այս ընթացքին երկիրը ուր կ՛երթայ: Մենք կը տեսնենք, թէ երկիրը ուր կ՛երթա՛յ, եւ այդտեղ կարելի է, որ մարդիկ մտածեն նաեւ երկրին մասին>>, ըսած է ան:
<<Կրնանք ըսել, որ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը մէկ անձով ղեկավարուող կուսակցութիւն է, եւ մէկ անձ կ՛որոշէ կուսակցութեան ե՛ւ քուէարկութիւնները, ե՛ւ ուղղուածութիւնը, եւայլն, եւ այլն, եւ ես չեմ բացառեր, որ այնտեղ մարդիկ կան, որոնք կը հաւատան, որ երկրին ապագան այսպէս չի կրնար շարունակուիլ>>, ըսած է ան:
Պատգամաւորը բերած է օրինակը Վրաստանի, ուր նման փոփոխութիւններու նախաձեռնեց նախկին նախագահ Սահակաշվիլին: <<Սահակաշվիլին ըրաւ նոյն նպատակներով։ Կ՛ենթադրէր, թէ ինքը կը մնայ իշխանութեան մէջ, վարչապետ կը դառնայ եւայլն, բայց չգործեց այդ համակարգը, փոխուեցաւ>>, նշած է ան:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ