Գարեգին Բ. Կաթողիկոս մտահոգութիւն յայտնեց Գիւմրիի դէպքերուն առնչութեամբ

By Asbarez | Friday, 16 January 2015

ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>>.– Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ 16 Յունուարին՝ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին նախագահութեամբ տեղի ունեցած Մայր Աթոռի Վանական խորհուրդի եւ վանաբնակ եպիսկոպոսներու խորհրդակցութեան ընթացքին յատուկ անդրադարձ կատարուած է 12 Յունուարին Գիւմրիի մէջ տեղի ունեցած սարսափելի ոճրագործութեան, ատոր իբրեւ հետեւանք ժողովուրդին մէջ յառաջացած յուզումներուն եւ արձանագրուած ցաւալի միջադէպերուն: Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգի հաղորդագրութեան համաձայն՝ այս օրերուն մնայուն կապ հաստատուած է Մայր Աթոռին եւ Շիրակի թեմի առաջնորդարանին միջեւ, եւ Մայր Աթոռը մնայուն կերպով իրազեկ եղած եւ հետեւած է դէպքերու զարգացման։

Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը ըսած է. <<Այս օրերին մեր ողջ ժողովուրդը ցաւի եւ վշտի մէջ է Գիւմրիում տեղի ունեցած անմարդկային ոճիրի պատճառով: Ամէնքիս ակնկալութիւնն է, որ օրէնքի ողջ խստութեամբ պատասխանատուութեան ենթարկուեն ոճրագործութեան հետ առնչուած բոլոր յանցաւորները: Վստահ ենք, որ պետական պատկան մարմինների կողմից յանցագործութեան ամբողջական բացայայտման եւ մեղաւորների դատապարտման ուղղութեամբ կ՛իրականացուեն օրէնքով նախատեսուած անհրաժեշտ բոլոր քայլերը:

Մեր մտահոգութիւնն ենք յայտնում Յունուարի 15ին ժողովրդային յուզումների ընթացքում արձանագրուած ցաւալի դէպքերի առնչութեամբ, որի հետեւանքով կան նաեւ վիրաւորներ: Մեր յորդորն է մեր զաւակներին մնալ հանդարտութեան մէջ եւ չտրուել հրահրումներին ու սադրանքներին>>, նշած է Գարեգին Բ. կաթողիկոս։

Ան նաեւ իր գնահատանքը յայտնած է Շիրակի թեմի առաջնորդ Միքայէլ եպս. Աջապահեանին եւ թեմի եկեղեցականներուն՝ այս օրերուն կատարած իրենց հովուական ծառայութեան համար:

Ժողովի աւարտին աղօթք մատուցուած է Աւետիսեաններու ընտանիքի սպաննուած անդամներուն հոգիներուն հանգստութեան եւ վիրաւոր Սերեոժա Աւետիսեանի շուտափոյթ ապաքինման համար:

 

comments