Անգնահատելի նուէրներ՝ Հալէպէն

By Asbarez | Friday, 16 January 2015

 

 

ԵՐԵՒԱՆ, <<Հայերն Այսօր>>.– 14 Յունուարին Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Հալէպի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Տիգրան Գէորգեանը, որուն այցելութեան նպատակն էր սփիւռքի նախարարութեան յանձնել Սօսէ Պարոնեանի նուիրատուութիւնը՝ ի յիշատակ իր ծնողներուն՝ Մովսէս եւ Մարգրիտ Պարոնեաններուն: Նախարարութեան նուիրուած 14 հնատիպ գիրքերը ոչնչացումէ փրկած ու Խարբերդէն Սուրիա հասցուցած են Ցեղասպանութենէն վերապած անոր հարազատները:

Նախարարը երախտագիտութիւն յայտնեց արժէքաւոր նուէրին համար: <<Անսահման շնորհակալ եմ Սօսէ Պարոնեանին, հայրենասէր ու ազգասէր աղջկան, ով տարիներ շարունակ պահել, պահպանել է այս մասունքները եւ Ցեղասպանութիւնից 100 տարի անց հասցրել հայրենիք: Այս գրքերը կը յանձնուեն Մատենադարանին, ուսումնասիրութիւնների անսպառ աղբիւր կը դառնան գիտնականների համար: Սա մեծ նուէր է, որ այս խորհրդանշական տարուայ սկզբում մատուցուեց հայ ժողովրդին>>, յայտնեց Հ. Յակոբեան:

Նախարարը շնորհակալութիւն յայտնեց Հալէպի մէջ գործող գլխաւոր հիւպատոսութեան, Շտապ օգնութեան մարմինին, Ժիրայր Ռէյիսեանին, Հալէպի մէջ գլխաւոր հիւպատոս Տիգրան Գէորգեանին, որոնց մեծ ջանքերուն շնորհիւ նուէրը հասած է Հայաստան:

Զրոյցին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Սուրիոյ հայրենակիցներուն դիմագրաւած խնդիրներուն ու դժուարութիւններուն: Նախարարը իր զօրակցութիւնը յայտնեց տառապող սուրիահայութեան, որ այսքան դժուար պայմաններու մէջ կը գոյատեւէ եւ կը պահպանէ իր ինքնութիւնը։


 


comments