By Asbarez | Monday, 17 October 2011
ՊԱՔՈՒ.- Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ, երկրի անկախութեան 20ամեակին առիթով «Ճազիրա» պատկերասփիւռի արբանեակային կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, թէ Ատրպէյճան իրաւունք ունի որեւէ ճանապարհով իր տարածքային ամբողջականութիւնը վերականգնելու։
«Ղարաբաղեան հակամարտութիւնը տարածաշրջանին համար ամէնէն մեծ սպառնալիքն է։ Լեռնային Ղարաբաղը Ատրպէյճանի պատմական տարածքն է: «Ղարաբաղ» բառը ունի ատրպեճանական ծագում։ 1990ական թուականներու սկիզբը ատրպէյճանցիներուն վտարեցին ոչ միայն Լեռնային Ղարաբաղէն, այլ նաեւ յարակից 7 շրջաններէ, ուր հայերը երբե՛ք չեն ապրած։ Մենք մէկ միլիոն փախստական ունինք։ Պատմական տեսանկիւնէ՝ Լեռնային Ղարաբաղը մե՛ր հողն է, եւ նաեւ իրաւական տեսանկիւնէ՝ միջազգային հանրութիւնը կ՛ընդունի Լեռնային Ղարաբաղը իբրեւ Ատրպէյճանի մաս», ըսած է Ալիեւ, ընդգծելով, որ Պաքու կը հաւատայ, որ հիմնախնդիրը պիտի կարգաւորուի խաղաղ ճանապարհով։
«Հակամարտութիւնը պէտք է կարգաւորուի միջազգային իրաւական սկզբունքներու եւ արժեչափերու հիման վրայ։ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը պէտք է վերականգնի, հայկական ուժերը պէտք է հեռանան բոլոր բռնագրաւուած տարածքներէն, իսկ ատրպէյճանցիները պէտք է իրաւունք ունենան վերադառնալու իրենց տուները, ներառեալ՝ Լեռնային Ղարաբաղ։ Լեռնային Ղարաբաղին կրնայ տրուիլ ինքնավարութեան կարգավիճակ։ Աշխարհի մէջ եւ Եւրոպայի մէջ գոյութիւն ունին ինքնավարութեան լաւ օրինակներ», ըսած է ան։
Անդրադառնալով հայ-ատպեճանական զօրքերու շփման գիծի գոյութեան իրավիճակին՝ Ալիեւ ըսած է, որ այնտեղ իրավիճակը շատ զգայուն է, եւ փաստացի կերպով խաղաղութիւն չկայ։
Ի պատասխան Ռուսիոյ մէջ Փութինի իշխանութեան վերադարձին մասին հարցումի մը, Ալիեւ ըսած է. «Կը կարծեմ, որ Ատրպէյճանի համար ատիկա պիտի դառնայ Փութինի քաղաքականութեան շարունակութիւնը, որովհետեւ 2003էն մինչեւ 2008, այսինքն՝ այն ժամանակաշրջանին, երբ Փութին նախագահ էր, մենք բազմաթիւ հանդիպումներ ունեցած ենք։ Ան՝ Ատրպէյճան, ես ալ Մոսկուա այցելութիւններ կը կատարէինք։ Ատրպէյճանի նկատմամբ Ռուսիոյ այսօրուան քաղաքականութեան հիմքը փաստացիօրէն դրուած է Վլատիմիր Փութինի կողմէ։ Ան դարձաւ Ռուսիոյ առաջին նախագահը, որ 2001ին Ատրպէյճան այցելեց։ Կը պատկերացնեք՝ Ատրպէյճանի անկախութեան առաջին 10 տարիներուն ընթացքին, Ռուսիոյ նախորդ նախագահը ոչ մէկ անգամ այցելեց մեր երկիրը։ Իսկ նախագահ Փութին Ատրպէյճան եկաւ, եւ ատիկա բեկումնային դարձաւ Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւներուն համար: Այդ քաղաքականութեան հիմքը դրած է Փութինը, իսկ նախագահ Մետվետեւ շարունակած է զայն։ Ատոր համար ալ վստահ ենք, որ այդ քաղաքականութիւնը պիտի շարունակուի»։
Միւս կողմէ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ալեքսանտր Լուքաշեւիչ յայտարարեց, որ Ռուսիա համաձայն չէ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերին այն յայտարարութեան, թէ՝ «Ռուսիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւնները տարածաշրջանին մէջ անկայունութեան պատճառ կը դառնան»։
«Ինչպէս ծանօթ է, Ռուսիա խորապէս շահագրգռուած է այդ տարածաշրջանի կայունութեան եւ խաղաղութեան պահպանութեամբ։ Ճիշդ այս մօտեցումով ալ մենք առաջնահերթ կերպով կը կառուցենք մեր յարաբերութիւնները թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Ատրպէյճանի հետ։ Նոյն այդ շարժառիթը կը գտնուի նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի կարգաւորման աջակցութեան ուղղուած մեր ջանքերուն հիմքին մէջ», ըսած է Լուքաշեւիչ։
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ