«Բանակը մեր լուսեղէն ապագայի երաշխիքն է». Արամ Ա. Կաթողիկոս

By Asbarez | Monday, 26 January 2015

 

 

ԵՐԵՒԱՆ.– Բանակի օրուան առիթով Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ տեղի ունեցած է Ս. պատարագ՝ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի եւ Հայաստանի զինուած ուժերու հոգեւոր առաջնորդ Վրթանէս եպս. Աբրահամեանի հանդիսապետութեամբ։


Պատարագին ներկայ եղած են նաեւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան, Հայաստանի զինուած ուժերու գլխաւոր ղեկավարման մարմինի պետ զօր. Եուրի Խաչատուրով, Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարար զօր. Մովսէս Յակոբեան, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ թեմակալ առաջնորդներ, Մայր Աթոռի միաբաններ, Հայաստանի զինուած ուժերու բարձրագոյն սպայական կազմը, զինուորներ եւ հաւատացեալներ:

Պատարագի աւարտին Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի հանդիսութիւններու դահլիճին մէջ տեղի ունեցած է պաշտօնական ընդունելութիւն, որուն ընթացքին Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը իր օրհնութիւնն ու բարեմաղթանքները ուղղած է ներկաներուն: Նշած է, որ արդէն աւանդութիւն դարձած այս պատարագը առիթ կու տայ հաղորդակից ըլլալու մեր զինուորական եղբայրներուն հետ եւ միասին աղօթելու առ Աստուած՝ զինուորներուն համար, որոնք երբեմն իրենց կեանքի գնով անառիկ կը պահեն մեր հայրենիքի սահմանները: Վեհափառ հայրապետը զինուած ուժերու սպասաւորներուն մաղթած է նորանոր յաջողութիւններ եւ, որ՝ <<Տէրը յաղթական պահի հայ զինուորի բազուկը՝ ի փառս մեր ժողովրդի>>:

Ներկաներուն իր օրհնութեան խօսքը յղած է նաեւ Արամ Ա. կաթողիկոս, որ ընդգծած է, թէ բանակը մեր լուսեղէն ապագայի երաշխիքն է: Դարէ դար հայկական եկեղեցին եւ հայոց բանակը գործած են միահամուռ՝ ուս-ուսի տուած, եւ ճիշդ ատոր մէջ կը կայանայ մեր ազգի հզօրութիւնը։

Նախարար Սէյրան Օհանեան իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնած է հոգեւորականներուն՝մնայուն կերպով բանակին կողքին կանգնելնուն համար: Ան նշած է. <<Շարքային զինուորից մինչեւ հրամանատար հայրենիքի սահմանները պաշտպանելիս գործում են անձնուիրաբար եւ այդ անձնազոհութեան մենք գտնում ենք մեր նորօրեայ հերոսներին>>:

Այնուհետեւ, առ ի գնահատութիւն հայրենիքին ու հաւատաւոր ժողովուրդին մատուցած ծառայութիւններուն, Գարեգին Բ. կաթողիկոս հայ եկեղեցւոյ <<Սուրբ Ներսէս Շնորհալի>> պատուոյ բարձր շքանշանով պարգեւատրած է զօրավարներ Կամօ Քոչունցը, Անդրանիկ Մակարեանը, Իշխան Մաթեւոսեանը, Արմէն Ղահրամանեանը եւ գնդապետ Գէորգ Մելքոնեանը։

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի հրամանով՝ զինուորական ծառայողներու հոգեւոր դաստիարակութեան իմաստով ունեցած ներդրումին համար եւ զինուած ուժերու կազմաւորման 23րդ տարեդարձին առիթով Տաւուշի թեմի հոգեւոր առաջնորդ Եզնիկ արք. Պետրոսեանը, Կոտայքի թեմի առաջնորդ Առաքել արք. Քարամեանը, Գեղաքունեաց թեմի առաջնորդ Մարկոս եպս. Յովհաննիսեանը, Ռուսիոյ եւ Նոր Նախիջեւանի հայոց թեմի առաջնորդ Եզրաս եպս. Ներսիսեանը եւ Շիրակի թեմի առաջնորդ Միքայէլ եպս. Աջապահեանը պարգեւատրուեցան <<Անդրանիկ Օզանեան>> մետալով:

 

 

 


comments