ՀՅԴ 32րդ Ընդհանուր Ժողովը Աւարտեց Իր Աշխատանքները Եւ Ընտրեց Նոր Բիւրօ

By Asbarez | Monday, 26 January 2015

 

 

ԵՐԵՒԱՆ, <<ՀՅԴ Մամլոյ Դիւան>>.- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 32րդ Ընդհանուր ժողովը գումարուեցաւ Դիլիջանի մէջ, 16-24 Յունուար 2015ին: ՀՅԴ Բիւրոյի հրաւէրով գումարուած ժողովին մասնակցեցան կուսակցութեան կազմակերպական շրջաններու պատգամաւորներ եւ խորհրդակցական ձայնով հրաւիրեալներ:

Ժողովը նախ լսեց, քննարկեց եւ արժեւորեց կուսակցութեան անցած հաշուետու ժամանակաշրջանի գործունէութիւնը, ձեռքբերումներն ու թերացումները, ապա լրամշակման ենթարկեց յառաջիկայ քառամեակին համար ՀՅԴ քաղաքական ուղեգիծն ու ռազմավարութիւնը, արտաքին ու ներազգային ճակատներու վրայ գործունէութիւնն ու դիրքորոշումները՝ իր համահայկական եւ հայաստանակեդրոն աշխարհահայեացքի հիման վրայ:

Իր աշխատանքներու աւարտին, ՀՅԴ 32րդ Ընդհանուր ժողովը ընտրեց նոր Բիւրօ՝ հետեւեալ կազմով.
Վիգէն Բաղումեան (Իրան)
Վիգէն Եագուպեան (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ)
Յակոբ Խաչերեան (Լիբանան)
Հրանդ Մարգարեան (Հայաստան)
Կիրօ Մանոյեան (Հայաստան)
Խաչիկ Մուրատեան (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ)
Բենիամին Պչաքճեան (Լիբանան)
Յակոբ Տէր Խաչատուրեան (Քանատա)
Արմէն Ռուստամեան (Հայաստան)
Սպարտակ Սէյրանեան (Հայաստան)
Մուրատ Փափազեան (Ֆրանսա)

Բիւրօն իր առաջին նիստին ներկայացուցիչ ընտրեց Հրանդ Մարգարեանը, իսկ քաղաքական ներկայացուցիչ ընտրուեցաւ Արմէն Ռուստամեան:

 

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement