By Asbarez | Tuesday, 27 January 2015
<<Ակօս>>ի մէջ Ույկար Կիւլթեքինի ստորագրութեամբ հրատարակուած թղթակցութեան մը համաձայն՝ նշանաւոր արքունի ճարտարապետ Կարապետ Պալեանի շիրմաքարը, որ հինէն ի վեր անյետացած էր, գտնուեցաւ Պոլսոյ մայր քաղաքապետութեան Գարթալի աշխատանոցներէն մէկուն մէջ։ Կարապետ Պալեանի շիրմաքարին կողքին տակաւին կը գտնուին այլ շիրմաքարեր եւս, որոնց վրայ գտնուող հայերէն գիրերը դժուար ընթեռնլի են։
Ըստ թղթակցութեան՝ յայտնի չէր, թէ Կարապետ Պալեանի դամբարանը ուր կը գտնուէր։ <<Բարսեղ Թուղլաճեան Պալեաններու մասին իր գիրքին մէջ Պալեանի շիրմաքարին մէկ նկարը հրատարակած էր։ Գարթալի մէջ գտնուած շիրմաքարը ճիշդ նոյնն է։ Յայտնի չէ, թէ այդ շիրմաքարը ինչպէս տեղէն հանուած ու մինչեւ Գարթալ տարուած է։ Ինչո՞ւ այդ շիրմաքարը պաշտպանութեան տակ առնուած չէ, հակառակ որ կը պատկանէր այդքան կարեւոր կառոյցներ իրականացուցած ճարտարապետի մը։ Իսթանպուլի Մայր Քաղաքապետութեան պաշտօնեաները խոստացեր են հետաքրքրուիլ այս հարցով>>, կը գրէ Պոլսոյ <<Մարմարա>> օրաթերթը։
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ