ՀՅԴ Բիւրօ-ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութիւն հանդիպում

By Asbarez | Wednesday, 28 January 2015

 

 

ԵՐԵՒԱՆ, <<ՀՅԴ Մամլոյ Դիւան>>.- Երեքշաբթի, Յունուար 27ին, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մայք Խարապեան, ընկերակցութեամբ Կեդրոնական վարչութեան անդամ Լեւոն Պըլըքեանի, այցելեց ՀՅԴ Բիւրոյի <<Քրիստափոր Միքայէլեան>> կեդրոնը եւ ընդունուեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանի կողմէ, որուն կ՛ընկերակցէր ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Կիրօ Մանոյեան:


Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան ընդհանրապէս հայ իրականութեան եւ մասնաւորապէս Արցախի եւ Միջին Արեւելքի վերջին զարգացումները, ինչպէս նաեւ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին առնչուած հարցեր:
Որոշուեցաւ շարունակել պարբերական հանդիպումները:

 


comments