23 Ապրիլին Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերը պիտի սրբադասուին

By Asbarez | Tuesday, 03 February 2015

 

 

ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմէնփրէս>>.– Հայ առաքելական եկեղեցին այս տարուան 23 Ապրիլին պիտի սրբադասէ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերը։

Լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին այս մասին յայտնած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի Եկեղեցական հայեցակարգային հարցերու գրասենեակի տնօրէն Բագրատ եպիսկոպոս Գալստանեանը: Անոր համաձայն՝ սրբադասումը աննախադէպ իրադարձութիւն է, քանի որ վերջին սուրբը, որ հռչակուած է եւ կը յիշատակուի որպէս տօն ունեցող սուրբ, Հայրապետ Մովսէս Տաթեւացին է, որուն սրբադասումը կատարուած է 18րդ դարուն:

<<Հայ եկեղեցին սրբացում չի կատարում, այլ ճանաչում է սրբերի կամ այդ անձանց սրբութիւնը, որն արդէն իսկ տարածում է ունեցել մարդկանց մէջ կամ վկայութիւններով փաստուած է եղել: Այս քայլը նաեւ նշանակում է, որ եկեղեցին ճանաչում է տեղի ունեցածը՝ Ցեղասպանութիւնը>>, տեղեկացուցած է սրբազանը՝ աւելցնելով, որ Ցեղասպանութեան նահատակներու սրբադասման կարգ կատարելու որոշումը տրուած է նախորդ տարի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ կայացած Եպիսկոպոսաց ժողովին ընթացքին:

Անոր համաձայն՝ տեղի պիտի ունենայ սրբադասման համար մշակուած ծիսական արարողակարգ, որուն ընթացքին ալ յատուկ բանաձեւով պիտի կատարուի սուրբերու հռչակումը: <<Արարողութեան ժամանակ ընթերցուելու է նաեւ սրբադասելիների վկայաբանութիւնը, կատարուելու է սրբապատկերների օծումը եւ մասունքարանների օրհնութիւնը>>, յայտնած է Բագրատ եպիսկոպոս Գալստանեան:

Սրբադասման յանձնախումբը յստակ պայմաններ ճշդած է սրբապատկերի ստեղծման համար: <<Սրբապատկերի ընտրութիւնը տեղի է ունեցել այդ ոլորտում որոշ փորձառութիւն ունեցող արուեստագէտներին յանձնարարութիւն տալուց եւ պայմանները ներկայացնելուց յետոյ: Քննարկման տարբեր փուլեր անցնելով՝ պատկերները ներկայացուել են նաեւ 2014 թուականին գումարուած եպիսկոպոսական ժողովին, որից կատարուել է ընտրութիւնը>>, ըսած է եպիսկոպոսը:

Շարականի ընտրութեան մասին խօսելով՝ սրբազանը նշած է, որ Եպիսկոպոսական ժողովին հաստատուած է, որ Ցեղասպանութեան զոհերու սրբադասման շարականը պիտի ըլլայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ միաբաններէն լուսահոգի Զարեհ արքեպիսկոպոս Ազնաւորեանի հեղինակած <<Ապրիլեան նահատակներուն>> շարականի կանոնը՝ իր բոլոր միաւորներով: Ըստ անոր՝ արարողութեան ներկայ պիտի ըլլան արեւելեան քոյր եկեղեցիներու պետերը՝ իրենց պատուիրակութիւններով: Հռոմի պապի մասնակցութեան առնչութեամբ ան յայտնած է, որ դեռ բանակցութիւններ կը կատարուին, սակայն վերջնական պատասխան չկայ տակաւին:

Սրբադասման կարգը տեղի պիտի ունենայ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ, մեկնարկը հաւանաբար տրուի ժամը 16:00ին, աւարտի՝ 19:15ին, որ կը խորհրդանշէ 1915 թուականը: Աւարտին պիտի հնչեն աշխարհի բոլոր հայ եկեղեցիներուն զանգերը, որոնց պիտի յաջորդեն մէկ վայրկեան լռութիւնն ու տէրունական աղօթքը:

 


comments