By Asbarez | Thursday, 05 February 2015
ԵՐԵՒԱՆ, <<Երկիր>>- 3 Յունուարի Ազգային ժողովի նիստին, երբ կը քննարկուէր <<Շրջանառութեան հարկի մասին>> օրէնքը յետաձգելու վերաբերեալ նախագիծը, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան նշած է, որ կարճ ժամանակաշրջանի ընթացքին օրէնքը անցած է ոչ միայն բազմաթիւ քննարկումներու ու առճակատումներու միջով, այլ նաեւ ցոյց տուած է, որ կարելի չէ երկրին մէջ ունենալ կայուն, վստահելի, դրական ակնկալութիւններով հասարակութիւն, եթէ անընդհատ օրէնսդրական փոփոխութիւններ կը կատարուին: Եւ պատահական չէ, որ այդ օրէնքը կիրարկելու ընթացքին բազմաթիւ վէճերու առարկայ դարձած է:
<<Օրէնքն աւելի շատ <<Իրացման մասին>> օրէնք պէտք է անուանուի, բայց կոչւում է <<Շրջանառութեան հարկի մասին>>, ու թէեւ երկու տարուայ մէջ օրէնքի վերաբերեալ բազմաթիւ հարցեր ու պատասխաններ են հնչել, բայց մնացել է երեք սկզբունքային հարց: Առաջին հարցը վերաբերում է շրջանառութեան ծաւալի մեծացմանը: 58.3 միլիոն դրամ շեմը ոչ մի իրաւական ու տնտեսական հիմնաւորում չունի: Երկրորդ հարցը վերաբերում է տոկոսադրոյքին, երրորդ հարցը՝ փաստաթղթաւորման պահանջին>>, յայտնած է պատգամաւորը՝ աւելցնելով, որ այս երեք հարցերուն իբրեւ հետեւանք ծագած է խառնաշփոթ վիճակ:
Ան ներկայացուցած է <<Շրջանառութեան հարկի մասին>> օրէնքի փոփոխութեան առնչուող Դաշնակցութեան առաջարկները:
<<Ըստ այդմ՝ ՀՅԴն առաջարկում է կամաւորութեան՝ <<ե՛ւ, ե՛ւ>> սկզբունքը, այսինքն՝ 58.3 միլիոնն դրամի շեմը դարձնել 150 միլիոն դրամ:
Երկրորդ՝ շրջանառութեան ծաւալի մէջ մտցնել պրոգրեսիւ հարկման մեթոդը>>, նշած է ան։
Արծուիկ Մինասեանի համաձայն՝ այդ առաջարկները կը խրախուսեն փոքր եւ միջին ձեռնարկութիւնները աւելցնելու առեւտուրի շրջանառութեան ծաւալը, եւ պիտի բացառուի հարկային մարմիններուն կողմէ մահակի կիրարկման քաղաքականութիւնը:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ