Ռազմական հաստատութեան աշակերտի սպանութեան առնչութեամբ 30 անձ աշխատանքէ պիտի արձակուի

By Asbarez | Wednesday, 04 February 2015

ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմէնփրէս>>.– Վազգէն Սարգսեանի անուան ռազմական հաստատութեան ուսանողի սպանութեան առնչութեամբ կատարուող ծառայողական քննութեան լոյսին տակ արձանագրուած են շարք մը բացթողումներ հաստատութեան ղեկավարութեան, ինչպէս նաեւ առանձին ստորաբաժանումներու ղեկավարներուն կողմէ: Ազգային ժողովին մէջ կառավարութեան հետ հարց ու պատասխանի ընթացքին այս մասին յայտարարած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան՝ պատասխանելով Օրինաց Երկիր կուսակցութեան խմբակցութեան ղեկավար Հեղինէ Բիշարեանի հարցումին: <<Վազգէն Սարգսեանի անուան ռազմական ինստիտուտի պետն արդէն իսկ ազատուել է զբաղեցրած պաշտօնից: Բացի այդ՝ իմ հրամանով պաշտօնից ազատուելու են երեք տեղակալներ, համալրման, զօրքերի ծառայութեան եւ դաստիարակչական աշխատանանքների համար պատասխանատու բաժանմունքների պետերը եւ մի շարք այլ անձնաւորութիւններ՝ մինչեւ 30 հոգի, որոնց մի մասը կ՛ազատուեն զինուած ուժերից, կը նշանակուեն աւելի ցածր պաշտօնների եւ ռազմական ինստիտուտից կը տեղափոխուեն զօրքեր>>, դիտել տուած է Օհանեան:

Անդրադառնալով դէպքի մանրամասնութիւններուն՝ պաշտպանութեան նախարարը ընդգծած է, որ սպանութիւնը տեղի ունեցած է անձնական յարաբերութիւններու լոյսին տակ ծագած վիճաբանութեան իբրեւ հետեւանք: Նախարարը տեղեկացուցած է, որ սպանութենէն առաջ հաստատութեան մէջ տեղի ունեցած է ոգելից խմիչքի օգտագործում քանի մը ուսանողներու միջեւ, ապա վիճաբանութիւն ծագած է սպաննուածին եւ կարգ մը այլ ուսանողներու միջեւ: <<Վիճաբանութեան արդիւնքում մի քանի անգամ ծեծկռտուք է եղել, որին էլ արդէն յաջորդել է սպանութիւնը>>, բացատրած է նախարարը:

Ան յիշեցուցած է, որ արդէն յարուցուած է քրէական գործ, եւ 4 ուսանող ձերբակալուած է: <<Բացի այդ՝ կան նաեւ ստորաբաժանումների հրամանատարներ, ովքեր պէտք է վերահսկէին, սակայն դա չեն արել պատշաճ կերպով: Ծառայողական քննութեան արդիւնքում բացայայտուել են բաղթողումներ, որոնք առաջին հերթին վերաբերում են դաստիարակչական աշխատանքներին>>, յայտնած է Օհանեան:

Անդրադառնալով պատգամաւորին այն հարցումին, թէ ի՛նչ քայլերու ձեռնարկուած է, որպէսզի նման դէպքեր այլեւս չկրկնուին՝ նախարարը ընդգծած է, որ Հայաստանի զինուած ուժերու շարքերուն մէջ դաստիարակչական աշխատանքներու իրականացման ուղղութեամբ բաւական լուրջ աշխատանք կը տարուի, եւ ատիկա իր դրական արդիւնքները տուած է արդէն։ <<Այսօր կազմուել է հայրենիքի պաշտպանի գաղափարադաստիարակչական աշխատանքների մի համակարգ, որի շրջանակներում մենք լուրջ աշխատանք ենք տանում յատկապէս միջանձնային յարաբերութիւնների խախտման, դրանց հետեւանքով տարբեր պատահարների բացառման ուղղութեամբ>>, եզրափակած է Ս. Օհանեան:

 

comments