By Asbarez | Thursday, 05 February 2015
ԵՐԵՒԱՆ- 5 Փետրուարին Ազգային ժողովին մէջ լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան՝ անդրադառնալով այն դիտարկման, թէ Դաշնակցութիւնը իր վարած քաղաքականութեամբ կը տարբերի միւս ոչ իշխանական քաղաքական ուժերէն, յայտնած է, որ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը մնայուն կերպով պահած է իր ինքնուրոյն քաղաքական գիծը:
<<Մենք տարբերւում ենք նաեւ իշխանական քաղաքական ուժից: Մենք միշտ որդեգրել ենք ինքնուրոյն քաղաքական գիծ: Դա բոլորին է յայտնի, եւ բոլոր այն դէպքերում, եթէ որեւէ տեսակէտ համընկնում է այս կամ այն դաշտի կարծիքի հետ, մենք ունենում ենք նոյն քուէարկութիւնը կամ նոյն մօտեցումը: Սա է իրականում տեղի ունենում: Որեւէ արտառոց բան այստեղ պէտք չէ փնտռել>>, յայտնած է ան:
Արմէն Ռուստամեան օրինակ տուած է օրեր առաջ խորհրդարանին մէջ քննարկուած Վերահսկիչ պալատի հաշուետուութեան առիթով ոչ իշխանական ուժերուն հրապարակած յայտարարութիւնը, որուն Դաշնակցութիւնը եւս միացած է. այս գծով ան նկատել տուած է. <<Եթէ ճիշդ բան է ասւում, այդ ճիշդ բանը մենք միշտ պաշտպանում ենք: Եղել է խախտում: Հաշուետուութիւնը պիտի ներկայացնի Վերահսկիչ պալատի նախագահը: Դա կանոնակարգի իմպերատիւ պահանջն է: Բնականաբար, մենք այնտեղ ենք, որտեղ ճշմարտութիւնն է>>:
Անդրադառնալով այն դիտարկմանը, թէ հասարակութիւնը չի գիտեր՝ Դաշնակցութիւնը իշխանութեա՞ն, թէ ընդդիմութեան կողքին է, Ռուստամեան հաստատած է, որ՝ <<հասարակութիւնը պէտք է իմանայ, որ Դաշնակցութիւնը միշտ իր կողքին է>>:
<<Արդէն 125 տարի դա ապացուցւում է: Մնացածները թող դրա կէսի կէսի չափ ժողովրդի կողքին լինեն, նոր միայն մեզ դասեր տան>>, ըսած է Ռուստամեան:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ