By Asbarez | Monday, 09 February 2015
ԵՐԵՒԱՆ - ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի Մամլոյ դիւանը կը հաղորդէ, որ Շաբաթ, 7 Փետրուարին ՀՅԴ <<Սիմոն Վրացեան>> կեդրոնին մէջ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեան եւ Գերագոյն մարմինի անդամ Սամուէլ Երանեան հանդիպում ունեցած են Երեւանի եւ Հայաստանի ՀՅԴ 10 մարզային կոմիտէներու ներկայացուցիչներու հետ:
Աղուան Վարդանեան ներկայացուցած է վերջերս աւարտած ՀՅԴ Ընդհանուր ժողովին կողմէ ընդունուած բանաձեւերը, քննարկուած են յառաջիկայ ընելիքները եւ ծրագրուած են յառաջիկայ մէկ ամսուան ընթացքին Հայաստանի մէջ գործող բոլոր՝ յիսուն կոմիտէութիւններուն մէջ ընկերային հաւաքներ կազմակերպելու կարելիութիւնները:
Աղուան Վարդանեան եւ Սամուէլ Երանեան հանդիպած են նաեւ ՀՅԴ ուսանողական, երիտասարդական եւ պատանեկան միութիւններու վարիչ մարմիններու ներկայացուցիչներուն հետ:
Հանդիպումին ընթացքին ՀՅԴ Ընդհանուր ժողովի աշխատանքներէն զեկուցում մը ներկայացուցած են եւ քննարկած ՀՅԴ ուսանողական, երիտասարդական եւ պատանեկան միութիւններու ներկայացուած աշխատանքներուն ծրագիրները:
Նշենք, որ ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի անդամ Արմէն Ռուստամեանը ՀՅԴ Ընդհանուր ժողովին կողմէ ընտրուած ըլլալով Բիւրոյի անդամ՝ դուրս եկած էր Գերագոյն մարմինի կազմէն: ՀՅԴ Գերագոյն մարմինը համալրած է իր կազմը՝ ներգրաւելով Արսէն Համբարձումեանը իր մարմինին մէջ:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ