By Asbarez | Monday, 09 February 2015
ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>>- 7 Փետրուարի առաւօտեան տեղեկութիւն տարածուած է այն մասին, որ անյայտ դիմակաւոր եւ զինուած անձեր առեւանգած են <<Շրջանառութեան հարկի մասին>> օրէնքին դէմ բողոքող Արտակ Խաչատրեանը, որ նոյն օրը երեկոյեան տուն հասած է ծեծուած վիճակի մէջ, այնուհետեւ տեղափոխուած է հիւանդանոց, ուր բժիշկները ախտորոշած էին թոքերու վնասուածք եւ վիրահատած են քիթը: Արտակ Խաչատրեան այժմ կը գտնուի Վերակենդանացման բաժինին մէջ։
9 Փետրուարին ոստիկանութեան կեդրոնին առջեւ եռեակի՝ <<Բարգաւաճ Հայաստան>>ի, <<Ժառանգութեան>> եւ ՀԱԿի պատգամաւորներն ու հարիւրաւոր առեւտրականներ այս առիթով կազմակերպած են <<Մենք բոլորս Արտակ ենք>> կարգախօսով բողոքի ցոյց, որուն ընթացքին Ազգային ժողովի <<Բարգաւաճ Հայաստան>> խմբակցութեան քարտուղար Նայիրա Զոհրաբեանը յայտարարած է. <<Եթէ սեղմ ժամկէտներում Արտակ Խաչատրեանին ծեծի ենթարկողները չբացայայտուեն եւ չպատժուեն, ԲՀԿն բարձրացնելու է բազմաթիւ հրաժարականների պահանջ>>։
Ան աւելցուցած է. <<Եթէ այս գործը սեղմ ժամկէտներում չբացայայտուի, դա կը նշանակի, որ իշխանութիւններն ի վիճակի չեն ապահովել իրենց երկրի քաղաքացիների անվտանգութիւնը: Այս գործի բացայայտումը նաեւ ոստիկանութեան եւ իրաւապահ համակարգի պատուի խնդիրը պէտք է լինի: Մենք պահանջում ենք շատ կարճ ժամանակահատուածում բացայայտել եւ կատարողներին, եւ պատուիրողներին>>։ Նայիրա Զոհրաբեան վստահութիւն յայտնած է այն մասին, որ կատարուածը որեւէ անձնական շարժառիթ չէ ունեցած, այլ պատուէր է, որ կապուած է Արտակ Խաչատրեանի հասարակական գործունէութեան հետ:
Զոհրաբեանի համաձայն՝ վերջին շրջանի հաշուեյարդարները կը խօսին այն մասին, որ՝ <<մենք ապրում ենք ոչ թէ ապահով, այլ գանգստերական Հայաստանում, եւ որ կատարուածի պատասխանատուն իշխանութիւններն են>>:
<<Սա սիցիլիական բանդիտիզմի երկիր չէ, սա ապահով Հայաստանն է: Ամբողջ տարածքը զինուած է եղել տեսախցիկներով, եւ եթէ այս խայտառակ յանցանքը հաշուած օրերի ընթացքում չբացայայտուի, ուրեմն հնչելու են բազմաթիւ հրաժարականների պահանջներ>>, նշած է ԲՀԿ խմբակցութեան քարտուղարը:
<<Բարգաւաճ Հայաստան>>ի պատգամաւոր Վահան Բաբայեանը, որ զրուցած էր Արտակին հետ, պատմած է, որ զայն քանի մը ժամ շարունակ դաժանաբար ծեծած են՝ գլխուն պարկ եւ ձեռքերուն շղթաներ դրած, այնուհետեւ ինքնաշարժով տարած եւ քաղաքի ծայրամասերէն մէկուն մէջ ձգած: Արտակ Խաչատրեանը անցորդի մը ինքնաշարժով հասած է տուն։
Արտակ Խաչատրեանը առեւանգած եւ ծեծի ենթարկած անձերը բացայայտելու եւ պատժելու պահանջով կայացած բողոքի երթին մասնակիցներուն մօտեցած է Երեւանի փոխոստիկանապետ Վալերի Օսիպեանը, որուն հետ տեղի ունեցած է կարճ վիճաբանութիւն մը, սակայն աւելի ուշ պատգամաւորները համոզուած են, որ իբրեւ օրէնսդիրներ իրենք եթէ շարունակեն կրնան կը խախտեն օրէնքը եւ վիճակը լարել։
<<Իւրաքանչիւրը պէտք է մտածի, որ ինքը կարող է լինել Արտակի փոխարէն: Սա ընդհանուր մտահոգութեան առիթ է, սա մտահոգիչ է նաեւ ազգային անվտանգութեան առումով>>, յայտնած է <<Ժառանգութիւն>> խմբակցութեան ղեկավար Ռուբիկ Յակոբեանը։
Ցուցարարները քանի օր ժամանակ տուած են ոստիկանութեան՝ դէպքը բացայայտելու համար եւ յայտարարած, որ պիտի սպասեն բացայայտման։
Փաստին առթիւ յարուցուած է քրէական գործ։
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ