Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցի նախաձեռնութիւններու ծրագիրի ներկայացում նախագահական պալատին մէջ

By Asbarez | Tuesday, 10 February 2015

 

 

ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>>.– Հայաստանի նախագահական նստավայրին մէջ 10 Փետրուարին տեղի ունեցած է խորհրդակցութիւն՝ նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցի նախաձեռնութիւններու նախապատրաստական աշխատանքներու ընթացքին: Նախագահի աշխատակազմէն յայտնած են, որ Հայաստանի պետական մարմիններու ղեկավար անձնակազմի մասնակցութեամբ կայացած խորհրդակցութիւնը վարած է Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին նուիրուած նախաձեռնութիւնները համակարգող պետական յանձնաժողովի նախագահ, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանը:

Խորհրդակցութեան մասնակիցներուն ներկայացուած է նախաձեռնութիւններու ծրագիրը, որուն ծիրին մէջ <<Յիշում եմ եւ պահանջում>> կարգախօսին ներքեւ Հայաստանի եւ արտերկիրի մէջ կայանալիք բազմաթիւ ու բազմաբնոյթ նախաձեռնութիւններու ժամանակացոյցը, ինչպէս նաեւ ծրագիրի՝ բարձր մակարդակով իրականացման գործին մէջ պետական մարմիններու մասնակցութեան վերաբերող հարցեր: Զեկոյցով հանդէս եկած է Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին նուիրուած նախաձեռնութիւնները համակարգող, Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Վիգէն Սարգսեանը:


comments