Ռուստամեան Կը Խոստանայ Աջակցիլ Հայաստան-Վրաստան Միջխորհրդարանական Յարաբերութիւններու Ամրապնդման

By Asbarez | Wednesday, 19 October 2011

ԵՐԵՒԱՆ.- Հոկտեմբեր 18ին, Հայաստանի ԱԺ արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Արմէն Ռուստամեան ընդունեց Հայաստանի մօտ Վրաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Թենկիզ Շարմանաշվիլին:

Ողջունելով հիւրը՝ Արմէն Ռուստամեան նշեց, որ յանձնաժողովը պատրաստ է աջակցելու երկու երկիրներու միջպետական եւ միջխորհրդարանական յարաբերութիւններու ամրապնդման ու խորացման գործին: Բարձր գնահատելով երկու ժողովուրդներուն դարաւոր բարեկամութիւնը՝ Ա. Ռուստամեան յոյս յայտնեց, որ նոր դեսպանին հետ համատեղ լուծումներ գտնելու ճանապարհով, հնարաւոր պիտի ըլլայ յաղթահարել ստեղծուած խնդիրները:

Շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար, Վրաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպանը կարեւոր համարեց հայ-վրացական յարաբերութիւններու հետագայ ամրապնդումը եւ ընդլայնումը:

Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները քննարկեցին տարածաշրջանային, հայկական եկեղեցիներուն իրաւական կարգավիճակ տալու գործընթացին, կրթական ու դատական ոլորտներուն, Վրաստանի մէջ ազգային փոքրամասնութիւններու իրաւունքներուն վերաբերող եւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցեր:

comments