«Մաթեւոսեանի արձակը մեր 100ամեակների պսակն է». Աղուան Վարդանեան

By Asbarez | Thursday, 12 February 2015

 

ԵՐԵՒԱՆ.– 12 Փետրուարին Հրանտ Մաթեւոսեանը պիտի դառնար 80 տարեկան: Կանուխ առաւօտէն մարդիկ կ՛այցելէին Մաթեւոսեանի շիրիմը: Գրողին յիշատակը յարգեցին նաեւ Դաշնակցականները:

ՀՅԴ Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեանը նշեց, որ 12 Փետրուարը գրողին, անհատականութեան ծննդեան օրն է, որ վերջին 50-60 տարիներուն մեր մշակութային հիմերը ստեղծողներէն մէկը հանդիսացաւ:

<<Մենք ուղղակի պարտաւոր էինք Դաշնակցութեան ներկայացուցիչներով այցելել պանթէոն: Այստեղ ենք նաեւ այն համոզումով, որ ցանկացած մեր գործունէութեան մէջ եթէ չենք կրում մեծերի ներդրումը, վաստակը, արժէքները, ապա այդ գործունէութիւնը կարող է անպտուղ լինել: Ես խորապէս համոզուած եմ, որ Հայաստանի վաղուայ օրը, այսօրուայ հնարաւոր զարթօնքը պիտի ունենայ միայն մշակութային հիմք. մենք մեր դասականների, մեր մեծերի գործի գիտակցումով պիտի առաջնորդուենք>>, ըսաւ Վարդանեան:

Անոր համաձայն՝ եթէ հանրութիւնը ապրի այն մտահոգութիւններով, ազգային-մշակութային արժէքներով, ինչպիսին ունէր Մաթեւոսեանը, ապա բոլորովին այլ մակարդակ պիտի ունենայինք թէ՛ պետականութեան, եւ թէ ընկերային-տնտեսութեան մէջ:

<<Մաթեւոսեանի արձակը մեր 100ամեակների պսակն է ինչ-որ առումով>>, նշեց Աղուան Վարդանեան:

 


comments