Քոչարեանի Երեւան վերադարձը կապ չունի 12 Փետրուարի դէպքերուն հետ

By Asbarez | Friday, 13 February 2015

 

 

ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>>.– Հայաստանի նախկին նախագահ Ռոբերտ Քոչարեանը 13 Փետրուարի առաջին ժամերուն Քիեւէն վերադարձած է Երեւան: <<Նիուզ>>ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնած է Քոչարեանի գրասենեակի ղեկավար Վիկտոր Սողոմոնեանը:


Անդրադառնալով մամուլին մէջ հրապարակուած այն տեղեկութիւններուն, թէ Ռոբերտ Քոչարեան շտապով Երեւան վերադարձած էր Հայաստանի նախագահին 12 Փետրուարի նշանաւոր ելոյթէն ետք՝ Սողոմոնեան յայտնած է. <<Իրօք, Ռոբերտ Քոչարեանը երէկ ուշ երեկոյեան Հայաստան է վերադարձել Կիեւ-Երեւան չուերթով: Սակայն որեւէ հրատապութիւն կամ շտապողականութիւն չի եղել: Երկրորդ նախագահը գտնւում էր Եւրոպայում, որտեղից ժամանել էր Կիեւ՝ տրանզիտով, ընդամէնը մէկ ժամ անցկացրել տեղի օդանաւակայանում, այնուհետ՝ մեկնել Երեւան: Եւ այդ ամէնը՝ դեռեւս երկու շաբաթ առաջ գնուած տոմսի ժամանակացոյցին համապատասխան>>։ Սողոմոնեան աւելցուցած է, որ Ռոբերտ Քոչարեանի Երեւան վերադարձը <<որեւէ կերպ պայմանաւորուած չէ երէկուայ քաղաքական իրադարձութիւններով>>:

 


comments