Ազգային Ժողովի Նիստերէն Գագիկ Ծառուկեանի Բացակայութիւնները Կ՛ուսումնասիրուին

By Asbarez | Sunday, 15 February 2015

ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմէնփրէս>>.– Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեան յանձնարարած է ուսումնասիրել Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեանի բացակայութիւնները եւ անոնց պատճառները: <<Արմէնփրէս>>ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնած է Ազգային ժողովի ՀՀԿ խմբակցութեան ղեկավար Վահրամ Բաղդասարեանը:

<<Եթէ այդ բացակայութիւնների հիմքերը հիմնաւոր չլինեն, դրանց հիման վրայ Ազգային ժողովի նախագահը որոշում կը կայացնի, որից յետոյ խմբակցութիւնը կը քննարկի եւ կը յայտնի իր դիրքորոշումը>>, նշած է Բաղդասարեան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ կրնա՞յ ըլլալ, որ արդէն յաջորդ քառօրեային քննարկուի ԲՀԿի առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեանը պատգամաւորական աթոռէն զրկելու հարցը՝ Վահրամ Բաղդասարեան նշած է, որ ատիկա իր որոշելիքը չէ: Ան խորհուրդ տուած է այդ հարցով դիմել Ազգային ժողովի նախագահին:

Նշենք, որ ՀՀԿ խորհուրդի նիստին ընթացքին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան իր խօսքին մէջ անդրադարձած էր ԲՀԿի առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեանի՝ Ազգային ժողովի նիստերէն բացակայութեան: Ան ընդգծած է, որ 2013-2014ի 145 նիստերէն, Գագիկ Ծառուկեան մասնակցած է միայն 4ին: <<Եթէ նա այդ աստիճանի արհամարհում է իր ընտրողներին եւ Ազգային ժողովի դերը, մենք դրա իրաւունքը չունենք. մենք պատասխանատու ենք Հայաստանի իւրաքանչիւր քաղաքացու իրաւունքների համար: Մեր պատգամաւորները վաղուանից կը նախաձեռնեն նման անհեթեթ վիճակին վերջ տալու համար անհրաժեշտ քայլերի>>, յայտնած է նախագահ Սարգսեանը:

 

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement