«Սա ողջունելի քայլ է, բայց բաւարար չէ». Կիրօ Մանոյեան

By Asbarez | Tuesday, 17 February 2015

 

 

ԵՐԵՒԱՆ.– <<Սա առաջին քայլն է արձանագրութիւնները վերջնականապէս վնասազերծելու ուղղութեամբ>>, <<Երկիր>>ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ըսած է ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան՝ անդրադառնալով Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւնները Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովէն յետս կոչելու վերաբերեալ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի որոշումին: <<Սա ողջունելի քայլ է, բայց բաւարար չէ: Անհրաժեշտ է ամբողջութեամբ վնասազերծել եւ ստորագրութիւնները յետ կանչել>>, ըսած է ան եւ աւելցուցած, որ արձանագրութիւնները յետս կոչելու կարելիութիւնը միշտ ալ եղած է: Ըստ Մանոյեանի՝ այս մասին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը արդէն արտայայտուած էր տակաւին նախորդ տարուան Սեպտեմբերին, Հայաստան-Սփիւռք Համահայկական Է. համաժողովին եւ ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովին իր ելոյթներուն ընթացքին: <<Թուրքիայի ղեկավարութիւնն այսօրուայ ճշմարտութիւնները գլխիվայր է ներկայացնում, իբր իրենք բարեկամութեան ձեռք են մեկնել Հայաստանին, եւ Հայաստանն իբր օդում է թողել իրենց մեկնած ձեռքը>>, ըսած է ան եւ յոյս յայտնած, որ մինչեւ 24 Ապրիլ Հայ-թրքական արձանագրութիւնները վերջնականապէս յետս կը կոչուին:

Նշենք, որ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը բազմիցս պահանջած է, որ Հայաստան իր ստորագրութիւնը յետս կոչէ այդ արձանագրութիւններէն:

 


comments

Advertisement