ԱԺ նախագահը կը յանձնարարէ սկսել Ծառուկեանը պատգամաւորական լիազօրութիւններէ զրկելու հիմքերու քննութիւնը

By Asbarez | Tuesday, 17 February 2015

 

 

 

ԵՐԵՒԱՆ <<Արմէնիա Նաու>> - Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահը Գալուստ Սահակեան խորհրդարանի աշխատակազմին յանձնարարած է ուսումնասիրել Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան առաջնորդ, մեծահարուստ Գագիկ Ծառուկեանը իր խորհրդարանական աթոռէն զրկելու հիմքերը, որոնց գլխաւորը՝ խորհրդարանի նիստերէն Ծառուկեանի բացակայութիւնները:

Գալուստ Սահակեան այս առիթով լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած են, որ ուսումնասիրութիւնները կը վերաբերին ոչ միայն Ծառուկեանին, այլ նաեւ բոլոր պատգամաւորներուն՝ նշելով, որ խորհրդարանի նախորդ նստաշրջանէն ամէնէն աւելի բացակայած պատգամաւորներուն մեծ մասը ԲՀԿի ներկայացուցիչներ են:

Ըստ Հայաստանի Սահմանադրութեան՝ պատգամաւորի լիազօրութիւններու դադարեցման համար բաւարար է Ազգային ժողովի մէկ նստաշրջանին ընթացքին քուէարկութիւններու աւելի քան կէսէն անյարգելի բացակայիլը:

Parliamentmonitoring.am-
ի տուեալներով՝ Գագիկ Ծառուկեան 5րդ գումարման Ազգային ժողովի 6րդ նստաշրջանին 133 քուէարկութիւններէն ոչ մէկուն ներկայ եղած է: Սակայն 4րդ գումարման Ազգային ժողովի նիստերուն Գագիկ Ծառուկեան ամէնէն աւելի բացակայող պատգամաւորներէն եղած է՝ ունենալով 511 բացակայութիւն, 0 ելոյթ եւ 0 հարց: Հայաստանի մէջ անյարգելի բացակայութիւններու պատճառով պատգամաւորի լիազօրութիւններու դադարեցման միայն մէկ պարագայ եղած է՝ 9 Հոկտեմբեր 2001ին այդ պատճառով իր աթոռէն զրկուած է Վանօ Սիրադեղեանը:

Իրաւապաշտպան Ժաննա Ալեքսանեան չի բացառեր, որ Ծառուկեանը պատգամաւորական անձեռնմխելիութենէն զրկելով նաեւ փորձեն ձերբակալութեան միջոցով հարցերը լուծել:

<<
Չեմ բացառում, որ նրա նկատմամբ նոյնիսկ ձերբակալութիւն, քրէական հետապնդում իրականացուեն: Անձեռնմխելիութիւնից զրկելուց յետոյ աւելի յստակ կ՛երեւայ>>, նշած է ան։

Երկուշաբթի երեկոյեան ԲՀԿ խմբակցութեան պատգամաւոր, արտաքին գործոց նախկին նախարար Վարդան Օսկանեան Դիմատետրի իր էջին վրայ գրած էր. <<Այսօր ԲՀԿ խորհրդի արտահերթ նիստի ժամանակ որոշուեց, որ եթէ Գագիկ Ծառուկեանին զրկեն պատգամաւորական մանդատից, եւ դա լինի մինչեւ Փետրուարի 20ի հանրահաւաքը, ապա մենք՝ ես, Նայիրա Զոհրաբեանը եւ ԲՀԿ բազմաթիւ այլ անդամներ, կը սկսենք նստացոյց, չի բացառւում՝ նաեւ հացադուլ>>։

<<
Բարգաւաճ Հայաստան>>էն Միքայէլ Մելքումեան եւս նշած է, որ կուսակցութիւնը պատրաստ է որեւէ բեմագրութեան, բայց հիմնականը այն է, որ՝ <<ԲՀԿի մէջքին կանգնած է ժողովուրդը>>, եւ իրենք 20 Փետրուարին նախատեսուած հանրահաւաքին ժողովուրդին հետ իրենց քայլերը յստակեցնելով պիտի յառաջանան:

Միւս կողմէ, Երկուշաբթի ուշ երեկոյեան ոստիկանութեան խումբ մը ներկայացուցիչներ ներխուժած են ԲՀԿի պատգամաւոր Ռուստամ Գասպարեանի բնակարանը եւ փորձած խուզարկել զայն, նաեւ ոստիկանութեան բաժին տարած են Նոր Նորքի տարածքային գրասենեակի ղեկավար Արթուր Մամոյեանը:

Ըստ ԲՀԿ խմբակցութեան քարտուղար Նայիրա Զոհրաբեանի՝ ահազանգներ ստացած են Արաբկիրէն, Մարալիկէն, Ապարանէն, Թալինէն, Շէնգաւիթէն:

<<
Ամէն քսան րոպէն մէկ ահազանգեր են ստանում, որ ոստիկանութիւնը համապատասխան գործողութիւն է իրականացնում ակտիւիստների ու կուսակցութեան անդամների նկատմամբ>>, դիտել տուած է ան։

 

ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմէնիա Նաու>>.– Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահը Գալուստ Սահակեան խորհրդարանի աշխատակազմին յանձնարարած է ուսումնասիրել Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան առաջնորդ, մեծահարուստ Գագիկ Ծառուկեանը իր խորհրդարանական աթոռէն զրկելու հիմքերը, որոնց գլխաւորը՝ խորհրդարանի նիստերէն Ծառուկեանի բացակայութիւնները:

Գալուստ Սահակեան այս առիթով լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած են, որ ուսումնասիրութիւնները կը վերաբերին ոչ միայն Ծառուկեանին, այլ նաեւ բոլոր պատգամաւորներուն՝ նշելով, որ խորհրդարանի նախորդ նստաշրջանէն ամէնէն աւելի բացակայած պատգամաւորներուն մեծ մասը ԲՀԿի ներկայացուցիչներ են:

Ըստ Հայաստանի Սահմանադրութեան՝ պատգամաւորի լիազօրութիւններու դադարեցման համար բաւարար է Ազգային ժողովի մէկ նստաշրջանին ընթացքին քուէարկութիւններու աւելի քան կէսէն անյարգելի բացակայիլը:

Parliamentmonitoring.am-
ի տուեալներով՝ Գագիկ Ծառուկեան 5րդ գումարման Ազգային ժողովի 6րդ նստաշրջանին 133 քուէարկութիւններէն ոչ մէկուն ներկայ եղած է: Սակայն 4րդ գումարման Ազգային ժողովի նիստերուն Գագիկ Ծառուկեան ամէնէն աւելի բացակայող պատգամաւորներէն եղած է՝ ունենալով 511 բացակայութիւն, 0 ելոյթ եւ 0 հարց: Հայաստանի մէջ անյարգելի բացակայութիւններու պատճառով պատգամաւորի լիազօրութիւններու դադարեցման միայն մէկ պարագայ եղած է՝ 9 Հոկտեմբեր 2001ին այդ պատճառով իր աթոռէն զրկուած է Վանօ Սիրադեղեանը:

Իրաւապաշտպան Ժաննա Ալեքսանեան չի բացառեր, որ Ծառուկեանը պատգամաւորական անձեռնմխելիութենէն զրկելով նաեւ փորձեն ձերբակալութեան միջոցով հարցերը լուծել:

<<
Չեմ բացառում, որ նրա նկատմամբ նոյնիսկ ձերբակալութիւն, քրէական հետապնդում իրականացուեն: Անձեռնմխելիութիւնից զրկելուց յետոյ աւելի յստակ կ՛երեւայ>>, նշած է ան։

Երկուշաբթի երեկոյեան ԲՀԿ խմբակցութեան պատգամաւոր, արտաքին գործոց նախկին նախարար Վարդան Օսկանեան Դիմատետրի իր էջին վրայ գրած էր. <<Այսօր ԲՀԿ խորհրդի արտահերթ նիստի ժամանակ որոշուեց, որ եթէ Գագիկ Ծառուկեանին զրկեն պատգամաւորական մանդատից, եւ դա լինի մինչեւ Փետրուարի 20ի հանրահաւաքը, ապա մենք՝ ես, Նայիրա Զոհրաբեանը եւ ԲՀԿ բազմաթիւ այլ անդամներ, կը սկսենք նստացոյց, չի բացառւում՝ նաեւ հացադուլ>>։

<<
Բարգաւաճ Հայաստան>>էն Միքայէլ Մելքումեան եւս նշած է, որ կուսակցութիւնը պատրաստ է որեւէ բեմագրութեան, բայց հիմնականը այն է, որ՝ <<ԲՀԿի մէջքին կանգնած է ժողովուրդը>>, եւ իրենք 20 Փետրուարին նախատեսուած հանրահաւաքին ժողովուրդին հետ իրենց քայլերը յստակեցնելով պիտի յառաջանան:

Միւս կողմէ, Երկուշաբթի ուշ երեկոյեան ոստիկանութեան խումբ մը ներկայացուցիչներ ներխուժած են ԲՀԿի պատգամաւոր Ռուստամ Գասպարեանի բնակարանը եւ փորձած խուզարկել զայն, նաեւ ոստիկանութեան բաժին տարած են Նոր Նորքի տարածքային գրասենեակի ղեկավար Արթուր Մամոյեանը:

Ըստ ԲՀԿ խմբակցութեան քարտուղար Նայիրա Զոհրաբեանի՝ ահազանգներ ստացած են Արաբկիրէն, Մարալիկէն, Ապարանէն, Թալինէն, Շէնգաւիթէն:

<<
Ամէն քսան րոպէն մէկ ահազանգեր են ստանում, որ ոստիկանութիւնը համապատասխան գործողութիւն է իրականացնում ակտիւիստների ու կուսակցութեան անդամների նկատմամբ>>, դիտել տուած է ան։


comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement