Դաշնակցութեան նախաձեռնութեամբ Սերժ Սարգսեանն ու Գագիկ Ծառուկեանը կը հանդիպին

By Asbarez | Monday, 16 February 2015

 

ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>> -  Երկուշաբթի, 17 Փետրուարին, Հայաստանի նախագահի նստավայրին մէջ կայացած է նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ <<Բարգաւաճ Հայաստան>> կուսակցութեան առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեանի հանդիպումը: <<Նիուզ>>ի թղթակցին այս հանդիպման մասին յայտնած է ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար, ՀՅԴ Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեանը, նշելով, որ հանդիպումը կայացած է Հ.Յ. Դաշնակցութեան նախաձեռնութեամբ:

Վարդանեանի խօսքով, վերջին օրերուն Դաշնակցութիւնը ամէն ճիգ թափած է երկիրը ցնցումներէ եւ բախումներէ փրկելու համար:

<<Մենք արել ենք անհրաժեշտը: Նաեւ լրացուցիչ եղաւ, որ Հայաստան է ժամանել գործարար Սամուէլ Կարապետեանը, որը բոլոր ջանքերը գործադրել է իրավիճակը հարթելու համար>>, յայտնած է Վարդանեան:

<<Երկիր Մեդիա>>ն այս հանդիպման մասին տեղեկաcրելով, կ՛աւելցնէ, որ Սարսգեան եւ Ծառուկեան կրցած են <<ընդհանուր յայտարարի>> գալ:

 


comments