«Ժառանգութիւն»ը մեկնաբանութիւն չի տար Ծառուկեան-Սարգսեան հանդիպումին գծով

By Asbarez | Wednesday, 18 February 2015


 

 

 

ԵՐԵՒԱՆ, <<Ազատութիւն>>.– Եռեակին մէջ <<Բարգաւաճ Հայաստան>>ի գործընկեր <<Ժառանգութիւն>>ը ցարդ մեկնաբանութիւն չէ կատարած Գագիկ Ծառուկեան-Սերժ Սարգսեան հանդիպման, ինչպէս նաեւ ԲՀԿ քաղաքական խորհուրդի որոշման գծով՝ չեղեալ համարելու Ուրբաթ նախատեսուած հանրահաւաքը:
Հակառակ լրագրողներուն փորձերուն, <<Ժառանգութեան>> առաջնորդ Րաֆֆի Յովհաննէսեան հրաժարած է պատասխանել է որեւէ հարցումի՝ խոստանալով հանրահաւաքի օրը ներկայացնել կուսակցութեան դիրքորոշումը։


<<Վաղը երեկոյեան <<Ժառանգութեան>> վարչութեան ժողովի ժամանակ մենք կը ճշդորոշենք, իսկ Ձեր բոլոր հարցերին Ուրբաթ օրը Ազատութեան հրապարակում ես ներկայ կը լինեմ՝ ձեր հարցերին պատասխանելու համար>>, նշած է ան:

Ան չէ յստակացուցած, որ արդեօք հանրահաւա՞ք պիտի կատարուի կամ պարզապէս բացօթեայ ասուլիս պիտի կայանայ Ազատութեան հրապարակին վրայ։
Մինչ այդ <<Ժառանգութեան>> ղեկավարը ընթերցած է իր ուղերձը: Դիմելով Սերժ Սարգսեանին՝ Րաֆֆի Յովհաննէսեան պահանջած է անյապաղ հրաժարական տալ եւ նշանակել արտակարգ նախագահական ու խորհրդարանական ընտրութիւններ:

<<Յանուն հայրենիքի Սերժ Սարգսեանը պէտք է դուրս գայ: Սերժ Սարգսեան, դուրս արի, եթէ քեզ ընկեր է պէտք դուրս գալուն, ես քեզ հետ դուրս կը գամ>>, դիտել տուած է Յովհաննէսեան:

Ընդդիմադիր առաջնորդը խստիւ քննադատած է իշխող Հանրապետականի նիստին ընթացքին Սերժ Սարգսեանի ելոյթը, եւ հակադարձած, թէ՝ <<կրկէսը դուք էք սարքել ու ձեր ճառեր գրողները եւ պատուիրողները>>։

<<Ստուգեցէք բոլորին՝ հաւասար, օրէնքի ամբողջական եւ ոչ ընտրովի կիրառմամբ: Ոչ միայն ձեզ հանդիպած պարոն Ծառուկեանին, այլեւս ինձ: Ձեզ հանդիպելիք Տէր Պետրոսեանին, Սեֆիլեանին Նիկոլին, Հայրիկեանին, բայց առաջին հերթին սկսէք դուք ձեզանից, ձեր ընտանիքի անդամներից, գործող վարչապետից, ոստիկանապետից, անվտանգութեան ծառայութեան ղեկավարից, բոլոր մարզպետներից, պատգամաւորներից, գեներալներից, դատաւորներով վերջացրած: Մինչեւ սա չլինի, օրէնքի մասին թող ոչ մէկը չխօսի: Օրէնքից դուրսը դուք էք>>, յայտարարած է <<Ժառանգութեան>> առաջնորդը: Անդրադառնալով այս օրերուն Սերժ Սարգսեանի կողմէ խորհրդարանէն Հայ–թրքական արձանագրութիւնները յետս կոչելու քայլին՝ Րաֆֆի Յովհաննէսեան դիտել տուած է, թէ նաեւ արտաքին աշխարհին մէջ գործ ունինք իշխանական մեծ խայտառակութիւններու եւ կեղտոտ խաղերու հետ: <<Հիմա արդէն տարիներ անց արձանագրութիւնները ստորագրելուց յետոյ յետ ենք քաշւում: Տարոսը՝ Եւրասիական տնտեսական միաւորմանը>>, յայտնած է ան:

Այն երեւոյթը, որ միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ Հայաստան նուաստացուցիչ վիճակի մէջ է, կը փաստէ <<վասալային>> աշխատաոճը:

<<Ժառանգութեան>> ղեկավարը օրինակ տուած է իշխանութեան արձագանգը Գիւմրիի մէջ Աւետիսեաններու ընտանիքի սպանդին։ <<Եթէ այդ տմարդի հրէշը չյանձնուի հայաստանեան արդարադատութեանը եւ իրաւասութեանը, եթէ մեր ռազմավարական դաշնակիցը չունի յարգանք մեր ինքնիշխանութեան նկատմամբ, ինքը իր բազաները եւ սահմանապահները պէտք է դուրս հանի Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքից>>:


comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement