By Asbarez | Wednesday, 18 February 2015
ԵՐԵՒԱՆ, <<Երկիր Մեդիա>> - Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Գերագոյն Մարմինը, իր մօտեցումները, ծրագիրները, երկրէն ներս առկայ քաղաքական, ընկերային, տնտեսական խնդիրներու վերաբերեալ իր դիրքորոշումները ներկայացնելու, բացատրելու նպատակով նախաձեռնած է հանրային քննարկումներ հասարակութեան տարբեր շերտերու ներկայացուցիչներու հետ:
Երեքշաբթի, Փետրուար 17ի երեկոյեան, ՀՅԴ <<Սիմոն Վրացեան>> կեդրոնին մէջ, ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան, Բիւրոյի անդամ Սպարտակ Սէյրանեան, ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեան եւ ԳՄ անդամ Լիլիթ Գալստեան հանդիպած են շուրջ քսան յայտնի մտաւորականներու հետ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են ՀՅԴ ծրագրային հարցեր, ինչպէս նաեւ երկրին առջեւ ծառացած այժմէական հարցեր:
Հանդիպման ներկայ մտաւորականներու շարքին էին գրողներ Յակոբ Մովսէսը, Արմէն Դաւթեանը, Հենրիկ Էդոյեանը, փաստավաւերագրող Գարիկ Զաքոյեանը, պատմաբան Ալբերտ Ստեփանեանը, գրականագէտ Եուրի Խաչատրեանը, քանդակագործ Տիգրան Արզումանեանը եւ ուրիշներ:
Հանդիպման մասնակիցները տագնապով արձանագրեցին երկրէն ներս ստեղծուած խորքային ճգնաժամի իրողութիւնը, օրէ օր իշխանութեան եւ ժողովուրդին միջեւ ահագնացող վիհը, ընդգծեցին խորքային փոփոխութիւններու անհրաժեշտութիւնը:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ