By Asbarez | Thursday, 19 February 2015
ԵՐԵՒԱՆ.– 19 Փետրուարին <<Մեդիա>> կեդրոնին մէջ կազմակերպուած քննարկման ընթացքին Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան յայտնած է, որ այսօր հիմնարար խնդիր կայ խորհրդարանին՝ իբրեւ օրինաստեղծ, ներկայացուցչական եւ վերահսկողական գործառոյթներ իրականացնող մարմինի, գործառոյթները ճիշդ ընկալելու առումով:
<<Այժմ փորձ է արւում ներդնել բիւջետային գրասենեակի գաղափարն, ինչը հնարաւորութիւն կը տայ թէ՛ ֆրակցիաներին, թէ՛ յանձնաժողովներին, եւ թէ առանձին պատգամաւորներին տեղեկատուական առումով աւելի շատ ներգրաւուած լինել վերահսկողական գործառոյթներ իրականացնելու գործում>>, յայտնած է ան՝ յիշեցնելով, որ սահմանադրութեամբ Ազգային ժողովին վերապահուած են վերահսկողական գործառոյթները:
Անդրադառնալով Ազգային ժողովի մեծամասնութեան կողմէ նիստերուն չմասնակցելու սահմանադրական սկզբունքի խախտման՝ Մինասեան յիշեցուցած է ատոր վերաբերեալ Սահմանադրական դատարանին տուած որոշումը: <<Սահմանադրական դատարանը եկել էր այն համոզման, որ բոյկոտ իրաւական հասկացութիւն չկայ թէ՛ Ազգային ժողովի կանոնակարգ-օրէնքում, եւ թէ Ազգային ժողովին վերաբերող օրէնսդրութեան մէջ>>:
Ըստ Մինասեանի՝ դատարանը արձանագրած էր, որ պատգամաւորին պարտաւորութիւնն է մասնակցիլ նիստին եւ սահմանադրութեան հակասող եւ անվաւեր նկատած է խորհրդարանին կողմէ պատգամաւորի բացակայութիւնը յարգելի կամ անյարգելի համարելու քուէարկութիւն կայացնելու դրույթը: <<Մենք հիմա գտնւում ենք մի այնպիսի շրջափուլում, որ սահմանադրական փոփոխութիւններ են նախաձեռնւում, բոլոր բարձրացուած հարցերը սահմանադրական փոփոխութիւններում քննարկման ենթակայ են>>, յայտնած է ան:
Մինասեանի համաձայն՝ բազմաթիւ վերլուծումներ ցոյց տուած են, որ խորհրդարանը այսօր անհարկի ճնշման տակ է: <<Անորակ նախաձեռնութիւնները հասնում են Ազգային ժողով, պատգամաւորները չեն հասցնում ամբողջութեամբ <<մտնել դրանց մէջ>>, աւելին, շատ արագ ենթարկւում են փոփոխութիւնների, ստացւում է, որ պարլամենտն անհարկի խմբագրում է ինքնիրեն, բացասական ազդակ տալով հանրութեանն ու տնտեսութեանը>>:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ