By Asbarez | Thursday, 19 February 2015
ԵՐԵՒԱՆ, <<Երկիր>>.– Բարձրաստիճան պաշտօնեաներու բարոյագիտութեան յանձնաժողովը հրապարակած է 2014 թուականին բարձրաստիճան պաշտօնատար անձերու եւ անոնց հետ կապ ունեցողներու գոյքի եւ եկամուտներու յայտարարագիրները:
Ըստ տուեալներուն՝ ամէնէն հարուստը ելեւմուտքի նախարար Գագիկ Խաչատրեանն է՝ 269 միլիոն դրամ եւ 1 միլիոն 970 հազար տոլար յայտարարագիրով. անոր կինը՝ Լաուրա Եփրեմեանը, յայտարարագրած է 180 միլիոն դրամ եւ 2 միլիոն 745 հազար տոլար:
Ամէնէն <<աղքատը>> Հայաստանի փոխվարչապետ, միջազգային տնտեսական համարկման եւ բարեփոխումներու նախարար Վաչէ Գաբրիէլեանն է: Ան յայտարարագրած է 1 միլիոն 900 հազար դրամ: Սակայն հարուստ է փոխվարչապետին կինը. արդարեւ, 2013ին ան յայտարարագրած էր 15 միլիոն 795 հազար 560 դրամ:
Ելեւմուտքի փոխնախարարներուն մէջ ամէնէն հարուստը փոխնախարարը Արմէն Ալաւերդեանն է: Ան պաշտօնը ստանձնելու ատեն յայտարարագրած էր 10 միլիոն դրամ եւ 387 հազար տոլար: Ուշագրաւ է, որ Արմէն Ալաւերդեանը հարուստ է նաեւ նախարարներու մեծամասնութենէն՝ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանէն, առողջապահութեան նախարար Արմէն Մուրադեանէն, արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանէն, նախարարներ Արտեմ Ասատրեանէն, Յասմիկ Պօղոսեանէն, Կարէն Ճշմարիտեանէն եւ Արմէն Աշոտեանէն:
Ելեւմուտքի փոխնախարարներ Վարդան Միրումեանը, Տիգրան Բարսեղեանը, Պաւել Սաֆարեանը յայտարարագրած են 30էն 36 միլիոն դրամ, իսկ ամէնէն <<աղքատ>> փոխնախարարը Ատոմ Ջանջուղազայեանն է՝ 22 միլիոն դրամով:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ