Արցախի բանակի հրամանատարական կազմը խորհրդակցական հանդիպում կ՛ունենայ

By Asbarez | Friday, 20 February 2015

 

ԵՐԵՒԱՆ, <<Ազատութիւն>>.– 20 Փետրուարին Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակի հրամանատարական կազմի, ղեկավարման մարմիններու բաժիններու եւ ծառայութիւններու պետերու, միաւորումներու, զօրամասերու եւ առանձին ստորաբաժանումներու հրամանատարներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցած է ծառայողական խորհրդակցութիւն՝ նուիրուած 2015ի բանակային տարուան ձմեռնային փուլի մեկնարկային գործընթացներու ամփոփման ու յառաջիկայ կատարելիքներու քննարկման:


Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան համաձայն՝ պաշտպանութեան նախարար, պաշտպանութեան բանակի հրամանատար Մովսէս Յակոբեան, ըստ ուղղութիւններու, ներկայացուցած է կատարուած եւ կատարուելիք աշխատանքներու ընդհանուր պատկերը, կարեւոր նկատած է ուսումնական գործընթացներու ճիշդ եւ նպատակային կազմակերպման, անձնակազմի մարտական ունակութիւններու բարձրացման եւ գործնականօրէն անոնց արդիւնաւէտ կիրարկման անհրաժեշտութիւնը:

Ելոյթներով եւ պարզաբանումներով հանդէս եկած են նաեւ բանակի հրամանատարի տեղակալները, ղեկավարման մարմինի բաժիններու պետերն ու զօրամասերու հրամանատարները:

 


comments