Պաշտպանութեան նախարարը ընդունած է Դրոյի զինակիցը

By Asbarez | Friday, 20 February 2015

 

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, <<Արցախփրէս>> - 19 Փետրուարին պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան ընդունած է Բ. Համաշխարհային պատերազմի մասնակից, Դրաստամատ Կանայեանի զինակից, ֆրանսահայ բարերար 92ամեայ Մուշեղ Մելիքի Չալոյեան-Մարտիրոսեանը։


Պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան փոխանցմամբ, ողջունելով աւելի քան 70 տարի առաջ՝ Բ. Համաշխարհային պատերազմին ընթացքին գերի ինկած, կեանքի բազմաթիւ դժուարութիւններու մէջ թրծուած, սակայն անսահմանօրէն լաւատես եւ հայրենասէր հայորդին՝ պաշտպանութեան նախարարը շնորհակալութիւն յայտնած է անոր հայապահպանման իմաստով ունեցած ներդրումին համար՝ մաղթելով քաջառողջութիւն եւ անսպառ եռանդ: Նախարարը յոյս յայտնած է, որ Սիւնեաց աշխարհին մէջ ծնած մեր հայրենակիցը այսուհետեւ եւս կը շարունակէ զբաղիլ հայ մշակոյթը ամբողջ աշխարհին ներկայացնելու ազգանուէր գործով:

Հայաստանէն հեռու ապրող, սակայն հայրենիքի յաջողութիւններով ու ցաւով ապրող հայորդին իր կարգին նշած է, որ հայը ուր ալ ըլլայ, անկախ դժուարութիւններէն, պէտք է շարունակէ հայ մնալ՝ չկորսնցնելով իր ազգային նկարագիրը. ան այս առիթով մէջբերած է զինակից Դրոյի խօսքերը <<Ուր էլ լինէք, ողջ մնացէք: Հայրենիքը մշտապէս ձեր կարիքը կ՛ունենայ>>:

Ֆրանսահայ համայնքին մէջ հայապահպանման գործին մէջ ունեցած մեծ աւանդին, ինչպէս նաեւ զինուած ուժերու կազմաւորման 23րդ տարեդարձին առիթով Սէյրան Օհանեան Մուշեղ Չալոյեան-Մարտիրոսեանը պարգեւատրած է <<Դրաստամատ Կանայեան>> գերատեսչական մետալով:

 

 


comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement