By Asbarez | Friday, 20 February 2015
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, <<Արցախփրէս>> - Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 20 Փետրուարին ընդունած է ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեանը:
Լեռնային Ղարաբաղի նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան համաձայն՝ հանդիպման ընթացքին, որուն մասնակցած է նաեւ արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեանը, քննարկուած են ատրպէյճանական-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման, Արցախի միջազգային ճանաչման, Արցախ-Սփիւռք կապերու ամրապնդման վերաբերող հարցեր:
Նախագահ Սահակեան բարձր գնահատած է այս ուղղութեամբ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի աշխատանքը՝ նշելով, որ այս կառոյցին հետ համակարգուած աշխատանքը արդէն իսկ տեսանելի արդիւնքներու հասած է:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ