ՀՅԴի Երիտասարդական Միութիւնները կը պատրաստուին ցեղասպանութեան 100ամեակին

By Asbarez | Monday, 23 February 2015

 

 

 

ԵՐԵՒԱՆ -  Մեկնարկած է ՀՅԴի երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններու նախաձեռնութիւններուն շարքը՝ նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին. միջազգային խորհրդաժողովներ, բաց սեմինարներ, հանդիպումներ, ինչպէս նաեւ՝ համացանցի միջոցով տեսահոլովակներու, լուսանկարներու տարածում:

Քարոզչական ծրագիրներէն է նաեւ Դիմատետր ընկերային ցանցով կատարուող նախաձեռնութիւնները։ Այս ծիրին մէջ բոլորը կը փոխեն իրենց հիմնական էջի նկարը՝ փոխարէնը տեղադրելով միութեան էջին մէջ զետեղուած նկարները, որոնց վրայ անգլերէն գրութիւն կայ՝ <<Ես պահանջում եմ իմ տունը>>, կից՝ քաղաքին կամ գիւղին անունը:

Օրինակ՝ <<Ես կը պահանջեմ իմ տունս Վանի մէջ>>: Բոլոր անոնք, որոնք կ՛ուզեն միանալ այս շարժման, կրնան նկարներու օրինակները վերցնել ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական միութեան Դիմատետրի էջէն։

Իսկ եթէ կան քաղաքներ կամ գիւղեր, որոնք նշուած չեն նկարներուն մէջ, կարելի է այդ մասին տեղեակ պահել էջին պատասխանատուները։

 


comments