«Ռազմավարական դաշնակցի մտավախութիւններն էլ պէտք է հաշուի առնուեն». Սէյրան Օհանեան

By Asbarez | Friday, 27 February 2015

 

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, <<Արցախփրէս>>.– Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան ծաւալուն հարցազրոյց տուած է <<Ռեգնում>> լրատու գործակալութեան: Յատուկ կերպով անդրադարձ կատարուած է Հայաստանի դաշնակից Ռուսիոյ կողմէ Ատրպէյճանին միլիառաւոր տոլարներու սպառազինութեան մատակարարման, եւ թէ ինչ կը կատարէ հայկական կողմը՝ այս ընթացքի խոչընդոտման համար։ Սէյրան Օհանեան նկատել տուած է, որ ատիկա շատ նուրբ հարց է. <<Մի կողմից մենք հասկանում ենք, որ իւրաքանչիւր սուվերեն պետութիւն զէնքի վաճառքի անխախտելի իրաւունք ունի, բայց եւ կարծում ենք, որ ռազմավարական դաշնակցի հետաքրքրութիւններն ու մտավախութիւններն էլ պէտք է հաշուի առնուեն>>:


Այս պարունակին մէջ նախարարը ռուս գործընկերներէն ակնկալած է Ատրպէյճանի սպառազինական մոլուցքի զսպման, չափաւորման անհրաժեշտութեան գծով քայլեր առնել:

Նախարարը անդրադարձած է ռազմական լայնածիր գործողութիւններու վերսկսման պարագային Ռուսիոյ միջամտութեան կամ մասնակցութեան՝ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի կողմէ. ան յիշեցուցած է, որ Ռուսիա կը հանդիսանայ Հայաստանի ռազմավարական դաշնակիցը եւ, բնակաբանաբար, տէ ժիւրէ համապատասխան պարտաւորութիւն ունի Հայաստանի ռազմական անվտանգութեան առումով: <<Բացի այս՝ Ռուսաստանն ու Հայաստանը ՀԱՊԿ անդամ են, ինչը նշանակում է, որ գոյութիւն ունեն փոխադարձ պարտաւորութիւններ հաւաքական անվտանգութեան եւ բազմակողմանի յարաբերութիւնների շրջանակում: Ըստ այդմ՝ երկու երկրների ԶՈՒ Գլխաւոր շտաբերը մէկ անգամ չէ, որ համատեղ գործողութիւնների օպերատիւ պլանաւորում են իրականացրել՝ հաշուի առնելով Հայաստանի դէմ ռազմական ագրեսիայի հնարաւորութիւնը>>, յայտնած է ան:

<<Այսինքն՝ Հայաստանի դէմ պատերազմի վերսկսման դէպքում Ռուսաստանը կը հետեւի իր պարտաւորութիւններին՝ 1997թ. Օգոստոսի 29ին կնքուած Բարեկամութեան, համագործակցութեան եւ փոխադարձ օգնութեան մասին, 1995 թուականի Մարտի 16ի Հայաստանի տարածքում ռուսական ռազմաբազայի տեղակայման վերաբերեալ եւ1992 թուականի Մայիսի 15ի Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրերով>>, ընդգծած է նախարար Օհանեան՝ միաժամանակ աւելցնելով, որ առաջին հերթին կ՛ապաւինինք Հայաստանի զինուած ուժերուն եւ Արցախի պաշտպանութեան բանակի մարտական պատրաստակամութեան եւ պատրաստուածութեան՝ որպէս պատերազմի վերսկսումը զսպող արդիւնաւէտ գործօն, ինչպէս նաեւ զսպման մեքանիզմներու անբաւարար, անհամաչափ ըլլալու պարագային՝ հակառակորդին պարտութեան տանելու:

Պատասխանելով այն հարցումին, որ 2014ին եւ 2015ին սահմանին վրայ հակառակորդին աննախընթաց աշխուժութիւնը որքանո՞վ հաւանական կարելի է նկատել ռազմական լայնածիր գործողութիւններու վերսկսման՝ Սէյրան Օհանեան նշած է, որ քանի դեռ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորումը չէ հասած իր խաղաղ վերջնագիծին, պատերազմի սկսման հաւանականութիւն կարելի չէ օրակարգէն կամ հաշիւներէն դուրս ձգել։

Անդրադառնալով այն դիտարկման, թէ հայկական ուղղաթիռի խոցման ողբերգական դէպքէն ետք, հայկական օդուժը պիտի շարունակէ՞ այսպէս ասած սահմանային թռիչքները, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը շեշտած է, որ ռազմաօդային թռիչքները հայկական կողմի պարագային ցուցադրական բնոյթ չեն կրեր, անոնք բաղադրիչ մասն են անվտանգութեան եւ սահմանային վերահսկման համալիր նախաձեռնութիւններուն, ուստի հայկական ուղղաթիռին գծով կատարուածը որեւէ կերպով չ՛ազդեր պաշտպանական առաջադրանքներու կատարման վրայ:

 

 


comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement