Նախագահը ընդունած է Իսրայէալցի ցեղասպանագէտ Եայիր Օրոնը

By Asbarez | Monday, 02 March 2015

 

 

ԵՐԵՒԱՆ, <<Ազատութիւն>> - Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 2 Մարտին ընդունած է իսրայէլացի պատմաբան, ցեղասպանագէտ Եայիր Օրոնը, որուն կ՛ընկերակցէր գրող, հրապարակախօս Զօրի Բալայեան:

Սերժ Սարգսեան կարեւոր նկատած է յատկապէս 2015 թուականին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին, հայ ժողովուրդի բարեկամներուն Հայաստան այցելութիւններն ու անոնց մասնակցութիւնը Ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակի ոգեկոչման արարողութիւններուն:

Հանրապետութեան նախագահը անգամ մը եւս շնորհակալութիւն յայտնած է իսրայէլացի նշանաւոր մտաւորականին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ դատապարտման իմաստով ունեցած անգնահատելի վաստակին, մնայուն կերպով հայ ժողովուրդի խնդիրներով հետաքրքրուելուն եւ օգտակար ըլլալու պատրաստակամութեան համար: Սերժ Սարգսեան ողջունած է այս այցելութեան ծիրին մէջ Եայիր Օրոնի Լեռնային Ղարաբաղ տուած այցելութիւնը։

Եայիր Օրոն շնորհակալութիւն յայտնած է ջերմ խօսքերուն համար եւ նշած, որ մեծապէս տպաւորուած է Լեռնային Ղարաբաղով ու անոր խաղաղասէր եւ արժանապատիւ բնակիչներով: Ան ընդգծած է, թէ Իսրայէլի մէջ շատեր տեղեակ չեն Ղարաբաղի մասին եւ երբ իմանան ճշմարտութիւնը, որուն առնչութեամբ ինք արդէն սկսած է աշխատիլ, ապա, վստահաբար, պիտի կանգնին հայ ժողովուրդին կողքին։ Իսրայէլացի պատմաբանը շեշտած է, որ համոզուած է՝ երբ բարոյական պայքար կը մղես, պէտք է հետեւողական ըլլաս այդ ճամբուն վրայ: Ան վստահեցուցած է, որ իր բազմաթիւ ընկերներուն հետ պիտի շարունակէ այդ պայքարը։

 

comments